Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Հնդկաստանը Նոր Մակարդակի Պիտի Բարձրացնեն Համագործակցութիւնը Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ. Միրզոյեան

Հայաստանն ու Հնդկաստանը Նոր Մակարդակի Պիտի Բարձրացնեն Համագործակցութիւնը Պաշտպանական Ոլորտին Մէջ. Միրզոյեան

by MassisPost

«Հայաստանն ու Հնդկաստանը քայլեր են ձեռնարկելու պաշտպանական ոլորտում երկկողմանի համագործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու համար», այսօր՝ Հոկտեմբեր 13-ին Երեւանի մէջ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սուպրամանեամ Ճայշանքարի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար՝ Արարատ Միրզոյեան։

Հայ-հնդկական յարաբերութիւնները սկսան նկատելիօրէն աշխուժանալ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, երբ Փաքիստանը, որ շարք մը հարցերով Հնդկաստանի հետ հակամարտութեան մէջ է, Ատրպէյճանին ցուցաբերեց դիւանագիտական եւ ռազմական աջակցութիւն։

Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Միրզոյեանն ու Ճայշանքարը հանդիպած էին ընդամէնը մէկ ամիս առաջ՝ Սեպտեմբեր 16-ին Տուշանպէի մէջ, եւ ահա կարճ ժամանակ անց միջուկային տէրութիւն հանդիսացող Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարը Երեւան է՝ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու գրեթէ երեսունամեայ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ այցելելով Հայաստան։

«Այս տարի մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման 30-ամեակն է լրանում, յոբելեան է, եւ մենք պէտք է միասին քայլեր ձեռնարկենք՝ քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական, մշակութային ոլորտներում մեր յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու համար: Մեր համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններում եւս կը շարունակի խորանալ, փոխադարձ աջակցութիւնը՝ ամրապնդուել», – հնդիկ պաշտօնակիցի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Միրզոյեան:

Ան Հնդկաստանը անուանեց Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկը, որու հետ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդումը Երեւանի առաջնահերթութիւններու շարքին է, եւ որ կրնայ իր ներդրումը ունենալ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ամրապնդման գործով։

«Երէկ ու այսօր արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունեցած ենք իմ գործընկերոջ հետ։ Համապարփակ դիտարկեցինք մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները, քննարկած ենք տարածաշրջանային եւ բազմակողմանի հարցեր եւ, որ ամէնէն կարեւորն է, համաձայնեցանք ապագայ համագործակցութեան եւ տարբեր մակարադակներով փոխադարձ այցելութիւններու ճանապարհային քարտէզին շուրջ», – ըսաւ Ճայշանքարը։

Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով, մինչ քաղաքական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած են, հնարաւորութիւն կայ ամրապնդելու նաեւ տնտեսական կապերը։

armenia-india-PM

Ճայշանքարը Հոկտեմբեր 12-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Երեւան։ Այսօր զինք ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ես ուզում եմ իմանաք, որ մենք ոչ միայն պատրաստակամութիւն ենք ուզում արտայայտել, այլեւ ունենք յստակ պատկերացումներ եւ առաջարկութիւններ, թէ ինչի շուրջ եւ ինչի վերաբերեալ պիտի համագործակցենք», – ըսած է Փաշինեան:

Ճայշանքարը ընդունած է նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան, եւ, ըստ խորհրդարանաի լրատուական ծառայութեան հաղորդագրութեան, «դատապարտած է Փաքիստանի խորհրդարանի ղեկավարի այցը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ, մասնաւորապէս Շուշի»:

Համաշխարհային դրամատան տուեալներուն համաձայն, 2020-ին Հնդկաստանը կը համարուի աշխարհի վեցերորդ խոշորագոյն տնտեսութիւնը՝ 2,6 թրիլիոն տոլարով։ Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի համաձայն, անցեալ տարի Հայաստան-Հնդկաստան առեւտուրը կազմած է 128 միլիոն տոլար, կամ Հայաստանի ողջ արտաքին առեւտուրի ընդամէնը 1,8 տոկոսը։ Այս ցուցանիշով Հնդկաստանը Հայաստանի խոշորագոյն առեւտրային գործընկեր պետութիւններու նոյնիսկ առաջին տասնեակին մէջը չէ։

Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուց, որ Տելհին ու Երեւանը միջազգային «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրային միջանցքի մասնակից են, որ, ըստ Ճայշանքարի, ունակ է յաղթահարելու երկու երկիրներու միջեւ առկայ հաղորդակցային խոչընդոտները. – «Նախարար Միրզոյեանն ու ես քննարկած ենք Հայաստանի հետաքրքրութիւնը՝ կապուած [Իրանի հարաւը գտնուող] Չապահար նաւահանգիստի օգտագործման հետ. այդ նաւահանգիստը զարգացած է Հնդկաստանի օժանդակութեամբ։ Առաջարկեցինք, որ Չապահար նաւահանգիստը եւս մաս կազմէ «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրային միջանցքին։ Կողմ ենք Չապահար նաւահանգիստի օգտագործման եւ այլ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ’ընդլայնեն կապը մեր երկու երկիրներու միջեւ»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը եւս անդրադարձաւ «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրային միջանցքին, որու կարեւորութիւնը ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Իրանի համար խիստ կարեւորուեցաւ Սիւնիքի Գորիս-Կապան ճանապարհին վերջին զարգացումներու ֆոնին, երբ ատրպէյճանական կողմը հսկիչ անցակէտ տեղադրեց ճանապարհին՝ ստուգելով բեռնատարները ու հարկ գանձելով անոնցմէ:

«Ինչ վերաբերւում է Պարսից ծոց – Սեւ ծով նախաձեռնութեանը, ապա ես կարող եմ թերեւս ամենաթարմ տեղեկութիւնը ասել։ Իրանական կողմի հետ երէկ ենք քննարկել կրկին այս հարցը, եւ կարող եմ ասել, որ այս ծրագրի առումով, այս համաձայնագրի առումով եւս իրադարձութիւնները բաւականին յարաշարժ են զարգանում, եւ յուսամ, մօտ ապագայում արդէն նոյնիսկ կ’ունենանք ստորագրուած համաձայնութիւն այդ փաստաթղթի շուրջ», – ըսաւ Միրզոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment