Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Հարցեր Կը Բարձրացնէ Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Գործունէութեան Վերաբերեալ

Պաքուն Հարցեր Կը Բարձրացնէ Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Գործունէութեան Վերաբերեալ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն մօտ մէկ տարի անց, պաշտօնական Պաքուն ամենաբարձր՝ երկրի նախագահի մակարդակով հարցեր կը բարձրացնէ անոնց գործունէութեան ու լիազօրութիւններու վերաբերեալ։ «Մենք ընդհանուր առմամբ գոհ ենք խաղաղապահներէն, բայց կան որոշ հարցեր, որոնք լուծման կարիք ունին», – իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» թերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Իլհամ Ալիեւը՝ մանրամասնելով․ – «Օրինակ, կայ խնդիր օտարերկրացիներուն հետ, որոնք պէտք է Ատրպէյճանի թոյլտուութիւնը ստանան, որպէսզի մուտք գործեն մեր տարածք»։

Հարկ համարելով քանի մը անգամ շեշտել, թէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մէկ մասն է, որ այժմ կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան տակ, Ալիեւ ըսած է, որ «վերջին շրջանին ապօրինաբար Ղարաբաղ այցելող օտարերկրեայ «զբօսաշրջիկներուն» թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն դեռ կ’արձանագրուին որոշ նման դէպքեր»։

«Մենք դիմած ենք Ռուսաստանի իշխանութիւններուն ու Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ պահանջելով վերջ դնել ասոր։ Այս հարցը, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ հարցեր դեռ պէտք է կարգաւորուին», – ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու։

Մօտ մէկ ամիս առաջ ալ այս մասին Ալիեւի խորհրդական՝ Հիքմէթ Հաճիեւը խօսած էր։ «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր», – ըսած էր ան BBC-ի ատրպէյճանական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին, աւելցնելով՝ «կողմերու միջեւ դեռ քննարկումներ կ’ընթանան խաղաղապահներու մանտաթի շուրջ յաւելեալ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու համար»։

Թէ յստակ որու միջեւ են քննարկումները եւ ինչ ձեւաչափով` Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը չէր յստակացուցած:

Բանակցութիւններու ու քննարկումներու մասին չեն խօսած նաեւ հայկական կողմէն: Պաշտօնական Երեւանը միայն յայտարարած է, թէ Պաքուն մինչ օրս ռուս խաղաղապահներու տեղակայման մանտաթը չէ ստորագրած եւ լայնածաւալ հակաքարոզչութիւն կ’իրագործէ անոնց դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment