Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թիֆլիս Աշխոյժ Միջնորդական Դեր Ստանձնած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ

Թիֆլիս Աշխոյժ Միջնորդական Դեր Ստանձնած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ

by MassisPost

«Թիֆլիս աշխոյժ միջնորդական դեր ստանձնած է հարեւաններուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով։ Մենք Յունիսին արդէն ունեցած ենք միջնորդութեան յաջող նախադէպ, երբ իմ անմիջական ջանքերուն, եւ, բնականաբար, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հետ համաձայնութեամբ յաջողեցանք ազատել գերիները, ինչպէս նաեւ ականապատման քարտէզները յանձնել Ատրպէյճանին: Ես շատ գործուն եմ այս ուղղութեամբ: Քննարկման հիմնական թեմաներէն էր մեր համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ տարածաշրջանի ձեւաչափով, եւ Վրաստանը գործօն միջնորդի դեր կը խաղայ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ», – ըստ վրացական լրատուամիջոցներուն, այսօր՝ Հոկտեմբեր 11-ին Պաթումի մէջ մասնաւորապէս յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը։

Մօտ երկու շաբաթ առաջ Ղարիպաշվիլին Պաքու էր, իսկ երկու օր առաջ՝ Երեւան։ Անոր հայաստանեան այցը անցաւ հնարաւորինս փակ ձեւաչափով. երկու կողմն ալ բաւարարուեցան սոսկ պաշտօնական՝ կարճ հաղորդագրութիւններով, վարչապետները մամլոյ համար հանդէս չեկան յայտարարութիւններով, ասուլիս նոյնպէս չկազմակերպուեցաւ, թէեւ նման բարձրաստիճան այցերէ ետք, սովորաբար, կը հնչեն յայտարարութիւններ կամ տեղի կ’ունենայ կարճատեւ հարց ու պատասխան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment