Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կարեւոր Է, Որպէսզի Հանրութիւնը Ստանայ Ամբողջական Պատասխաններ 44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքներուն Վերաբերեալ»․ Փաշինեան

«Կարեւոր Է, Որպէսզի Հանրութիւնը Ստանայ Ամբողջական Պատասխաններ 44-Օրեայ Պատերազմի Հանգամանքներուն Վերաբերեալ»․ Փաշինեան

by MassisPost

«Շատ կարեւոր եմ համարում, որպէսզի մեր հանրութիւնն ստանայ ամբողջական պատասխաններ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքների, տեղի ունեցած ամբողջ պատկերի վերաբերեալ», – այսօր Քննչական կոմիտէէն ներս յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով, որ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը այդ լայն համաթեքսթին աւելի ընդարձակ կ’անդրադառնայ։

Վարչապետը կոմիտէ էր կառոյցի կազմաւորման 7-ամեակի կապակցութեամբ։

Փաշինեան այսօր՝ Հոկտեմբեր 8-ին կարեւորած է նաեւ պատերազմի հանգամանքներուն հետ կապուած քրէական գործերու արդիւնաւէտ նախաքննութիւնը՝ շեշտելով, որպէսզի հանրութիւնը եւ նահատակներու հարազատները յստակ հարցերուն ստանան յստակ պատասխաններ:

«Ընդ որում, այստեղ որեւէ կանխավարկած նկատի ունենալը կը լինի ճակատագրական սխալ: Պարզապէս պէտք է ձեւակերպուած հարցերն ստանան առարկայական պատասխաններ, որպէսզի մեղաւորութեան կամ անմեղութեան մասին պնդումները հիմնուած չլինեն անհատական ընկալումների եւ իրավիճակի ոչ ամբողջական պատկերացման վրայ», – ըսած է Փաշինեան:

Նշելով, որ Քննչական կոմիտէի համապատասխան ստորաբաժանումը այժմ կը քննէ պատերազմի ընթացքին զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու վերաբերեալ քրէական գործերը՝ Քննչական կոմիտէի նախագահ՝ Արգիշտի Քեարամեանը շեշտած է, որ կոմիտէն ի զօրու է իրագործել բազմակողմանի եւ առարկայական քննութիւն՝ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները լիարժէք բացայայտելու եւ հասարակութեան ներկայացնելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment