Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման ընթացքին գերմանական Պատեն-Պատեն այցելելու, այդ թռիչքներու նպատակն ու պետական միջոցներու հնարաւոր վատնումը ստուգելու նպատակով հաղորդում ներկայացուած է Գլխաւոր դատախազութիւն։ Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնած են գերատեսչութենէն՝ առանց նշելու, թէ ով այսպիսի հաղորդում ներկայացուցած է ։
Աւելի վաղ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեան յայտարարած էր, որ երրորդ նախագահի՝ Պատեն-Պատեն այցերու վերաբերեալ «Փաստերի ստուգման հարթակ»-ի ուսումնասիրութիւնը իրաւապահներուն պիտի ուղարկէ՝ խնդրելով անոնց տալ քրէաիրաւական գնահատական` պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով իւրացում կամ վատնում կատարելու եւ պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելու յօդուածներով։
Գլխաւոր դատախազութենէն հաղորդումը ուղարկուած է Յատուկ քննչական ծառայութիւն, ուրկէ տեղեկացուցած են, որ այդ հաղորդման հիման վրայ նիւթեր կը նախապատրաստուին։