Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Foreign Policy. Հիւանդութեան պատճառով Հնարաւոր Է, Որ Էրտողան Այլեւս Ի Զօրու Չըլլայ Կառավարելու Երկիրը

Foreign Policy. Հիւանդութեան պատճառով Հնարաւոր Է, Որ Էրտողան Այլեւս Ի Զօրու Չըլլայ Կառավարելու Երկիրը

by MassisPost

Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագիրին մէջ տեղ գտած վերլուծական յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան հիւանդ է եւ պիտի չկարողանայ շարունակել կառավարել երկիրը։

«Նախքան 2023 թուականը Էրտողան իսկապէս անզօր կրնայ ըլլալ, սակայն իրավիճակը այնպէս չէ, ինչպէս կը մտածեն շատերը։ Նշաններ կան այն մասին, որ Էրտողան թերեւս հիւանդ ըլլայ այն աստիճան, որ այլեւս չկարողանայ թեկնածութիւնը առաջադրել նախագահ վերընտրուելու համար»,- նշած են յօդուածի հեղինակներ՝ Սթիվըն Քուքը եւ Էնրիքօ Մատըն։

Յօդուածով անոնք վերլուծած են վերջին ամիսներուն համացանցով հրապարակուած տեսանիւթերը, ուր Էրտողան աստիճանները բարձրանալու ատեն դիմած է կնոջ օգնութեան եւ դժուարութեամբ կը քալէ կամ կը խօսի։

«Տեսնաիւթերը միասին քննելու ատեն Էրտողանի առողջական վիճակի հետ կապուած որոշ պարզ հարցեր կ’առաջանան»,- նշուած է յօդուածով։ Բացի այդ, կանխատեսումներ եղած են նաեւ «յետէրտողանական» Թուրքիոյ վերաբերեալ։

«Հանրապետական Ժողովուրդի» կուսակցութեան (CHP) անդամներ՝ Սթամպուլի քաղաքապետ՝ Էքրեմ Իմամօղլուն, Անգարայի քաղաքապետ՝ Մանսուր Եաւաշը, ինչպէս նաեւ «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Մերալ Աքշէները դիտարկուած են որպէս Էրտողանի առաջնորդած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) յաջորդ նախագահի թեկնածուի գլխաւոր մրցակիցներ։ Իսկ որպէս ԱԶԿ-ի հաւանական թեկնածուներ՝ նշուած են Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան (MİT) ղեկավար՝ Հաքան Ֆիտանի, ազգային պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարի եւ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուի անունները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment