Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Յանձնարարած Է Պատուաստման Գործընթացին Մէջ Գործի Դնել Վարչական Լծակները

Փաշինեան Յանձնարարած Է Պատուաստման Գործընթացին Մէջ Գործի Դնել Վարչական Լծակները

by MassisPost

Կառավարութեան այսօրուայ՝ Հոկեմբեր 7-ի նիստին «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստման գործընթացի քննարկման ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնեաներու նկատմամբ աննախադէպ կոշտ արտայայտուեցաւ. – «Խնդիր եմ դրել, գնացէք լուծէք։ Վատ ա, շատ վատ ա պատուաստման թուերը, եւ որեւէ ուրիշ մէկից չբողոքէք։ Եւ վերաբերում ա դահլիճում նստած բոլոր մարդկանց»։

Առողջապահութեան նախարարը նախ զեկուցեց, որ պատուաստման գործընթացին մէջ թէեւ աշխուժացում կայ, սակայն ատիկա բաւարար չէ։ Աւանէսեան սլաքները ուղղեց այլ կողմ՝ նշելով, որ այստեղ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունին պատուաստման դէմ քարոզ տանողները։

Փաշինեան, սակայն, ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութենէն արդարացումներ եւ բողոքներ պէտք չէ հնչեն, թէ ով կը խանգարէ պատուաստման գործընթացը, ըսաւ, թէ պէտք է գործի դնել վարչական լծակները. – «Մենք ամէն անգամ կառավարութեան նիստում պիտի ասենք չորս հոգի կամ հարիւր հոգի ինչ-որ բա՞ն ա ասում։ Ես ձեր առաջ խնդիր եմ դրել, ինձ մի ասէք ով ա խանգարում, ով չի խանգարում։ Գնացէք լուծէք, առողջապահութեան նախարարութիւնը, պետական մնացած մարմինները… մենք հո ստեղ չե՞նք հաւաքուել՝ ասելու, որ ինչ-որ մարդիկ խանգարում են մեզ գործել։ Ոչ մէկ չի կարող մեզ խանգարել գործել»։

Փաշինեան դիմեց նաեւ ուժային կառոյցներուն՝ յորդորելով պատասխանատուութեան ենթարկել պատուաստման կեղծ փաստաթուղթեր յատկացնողներուն։ Վերջերս ԱԱԾ-ն մէկ դէպքի մասին յայտնած էր, երբ դարմանատան բժիշկը գումարի դիմաց քաղաքացիին պատուասման կեղծ վկայագիր տրամադրած էր ։ Արդեօ՞ք կան յայտնաբերուած այլ դէպքեր, ոստիկանութենէն «Ազատութիւն»ին դեռ չեն պատասխանած։

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութեանը եւ ոստիկանութեանը. կեղծ պատուաստումների մասին ես էլ ահազանգ չլսեմ։ Ձերբակալէ’ք, կալանաւորէ’ք։ Էդ բժիշկները, ովքեր որ օգտւում են առիթից չպատուաստելու մարդկանց եւ պատուաստանիւթը փճացնելու համար… շատ խիստ միջոցներ ա պէտք ձեռնարկել։ Գլխաւոր դատախազին եմ դիմում, նաեւ՝ մեր քննչական մարմիններին», – ըսաւ Փաշինեան։

Կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ առողջապահութեան նախարարը ըսաւ, որ վարչապետի դժգոհութիւնը տեղին է։ Միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, որ ինքը պատուաստման գործընթացը ձախողած չի համարեր, բայց յաջողած ալ չի համարեր։

Հայաստանի մէջ պատուաստումը մեկնարկած է Ապրիլէն։ Մինչեւ օրս առնուազն մէկ դեղաչափով պատուաստուած է բնակչութեան 11,5 տոկոսը, ու այս ցուցանիշով Հայաստանը կը շարունակէ վերջինը մնալ տարածաշրջանին մէջ։ Այս պահուն կը կիրառուի 4 տեսակի պատուաստ՝ բրիտանական-շուէտական «ԱսթրաԶենեքա», ռուսական «Սփութնիք Վի», չինական «Սինոֆարմը», որու պակասը առաջացած է Հայաստանի մէջ եւ արդէն «Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստը, որ երկու օր առաջ բերուեցաւ Հայաստան։

Երեւանի թիւ 13 դարմանատան մէջ առաւօտեան տասը մարդ պատուաստուած էր «Մոտերնայով»։ Այդ պատուաստի սրուակը, ինչպէս նաեւ «Ասթրազենաքայինը», կը բացուի, եթէ նախապէս տասը հոգի դիմած ըլլայ բուժկեդրոն։

«Մենք ունենք ցուցում, որպէսզի ոչ մի դեղաչափ չպէտք է փչացնենք, վեց ժամուայ մէջ էդ տասը դեղաչափը պէտք է օգտագործուի», – ըսաւ դարմանատան աշխատակիցը։

Դարմանատուներուն մէջ պատուաստման համար այսօր հերթեր չէին գոյացած, աւելին՝ վերջին օրերուն պատուաստուողներուն թիւը նուազած է։

Թիւ 13 դարմանատան տնօրէն՝ Ռուզան Դուրգարեան ըսած է, թէ Սեպտեմբերի վերջին օրերուն պատուաստուողներու թիւը աւելի քան տասը անգամ աւելցած էր, ինչ որ կը կապէ նաեւ Հոկտեմբեր 1-ին ուժի մէջ մտած նոր սահմանափակումներուն հետ, ըստ որու՝ աշխատող քաղաքացիները կա’մ պէտք է պատուաստման վկայագիր ներկայացնեն, կա’մ ամիսը 2 անգամ գործատուին տրամադրեն քովիտի հետազօտման բացասական արդիւնք։

«երկու պայմանով է բացատրւում հոսքի պակասումը։ Մէկը այն, որ այս պահին «Սինոֆարմի» քանակը մի փոքր աւելի քիչ է։ Միւսը, որ մենք ունենք նախարարի հրամանի մի փոքր երկարաձգում, այսինքն՝ յետաձգուած է մինչեւ Հոկտեմբերի 14-ը։ Մեր ազգաբնակչութիւնը, իր սովորութեան համաձայն, կարծում եմ, որ սպասում է վերջին օրերին», – ըսաւ Դուրգարեան։

Բժիշկը նկատած է, թէ վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին դարմանատան մէջ քովիտով հիւանդներու հոսքը աւելցած է։ Ըսած է, թէ կ’անհանգստացնէ յատկապէս այն, որ հիմնականին երիտասարդներու մօտ ծանր դէպքեր կ’արձանագրուին:

Հոկտեմբեր 6-ին արձանագրուած է տարեսկզբէն ի վեր «Քորոնա» ժահրի վարակման ամենաբարձր թիւը՝ 1309։ Աւելցած են նաեւ մահերը, միայն նախօրէին մահացած է 26 մարդ, եւս 4 վարակակիր մահացած է այլ պատճառներով։

Աճող թիւերու պատճառով Հայաստանը աւելի վաղ ընդգրկուած էր Եւրոպական Միութեան կարմիր գօտիին մէջ։ Օրերս Միացեալ Նահանգները յորդորած է իր քաղաքացիները չայցելել Հայաստան օր ըստ օրէ վատթարացող համաճարակի վիճակի պատճառով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment