Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վճռաբեկի Պահանջով Դատարանը Կը Քննէ Աշոտ Մինասեանը Կալանաւորելու Հարցը

Վճռաբեկի Պահանջով Դատարանը Կը Քննէ Աշոտ Մինասեանը Կալանաւորելու Հարցը

by MassisPost

Վճռաբեկ դատարանը մասնակի բաւարարած է Սիսիանի ջոկատի հրամանատար, «Աշոտ Երկաթ» մականուամբ յայտնի, Աշոտ Մինասեանի նկատմամբ խափանման միջոց կալանքի կիրառման վերաբերեալ դատախազութեան բողոքը։

Մինասեանին մեղադրանք առաջադրուած էր իշխանութեան իւրացման նախապատրաստման, պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի, մասնաւորապէս, Հայաստանի վարչապետի գործունէութիւնը դադրեցնելու նպատակով անոր սպանութեան նախապատրաստման, այդ նպատակով խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով զէնք ու ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու յանցաւոր արարքները կատարելու համար։
Վճռաբեկ դատարանը մասնակիօրէն բաւարարած է Գլխաւոր դատախազութեան բողոքը, բեկանած ստորադաս դատարաններու որոշումները, եւ գործը ուղարկած Առաջին ատեանի դատարան՝ կալանաւորման հիմքերու մասով նոր քննութեան:

2020 թուականի Նոյմեբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութենէն օրեր անց ԱԱԾ-ն հաղորդեց, որ յանցագործութեան նախապատրաստութեան փուլին կանխած է խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ պետական գործիչի սպանութիւնը եւ բռնութիւն գործադրելու միջոցով Հայաստանի կառավարութեան լիազօրութիւններուն տիրանալը, ինչպէս նաեւ բացայայտած է խումբ մը անձերու կողմէ այդ նպատակով ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու եւ պահելու դէպքեր:

Այս գործով ձերբակալուեցան շարք մը անձեր, անոնց կարգին՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Վանէցեանը, ՀՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար՝ Վահրամ Պաղտասարեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ՝ Աշոտ Աւագեանը, ինչպէս նաեւ Սիսիանի կամաւորականներու ջոկատի հրամանատար՝ Աշոտ Մինասեանը, ապա ազատ արձակուեցան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment