Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 6-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրներուն, յատկապէս շեշտադրելով ռազմագերիներու եւ յետպատերազմեան շրջանին գերութեան մէջ յայտնուածներու վերադարձի խնդիրը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Հանդիպման աւարտին Հռոմի Քահանայապետը իր օրհնութիւնը բաշխեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատուիրակութեան անդամներուն։

Catholicos-Karekin-II-Cardinal-Pietro-Parolin

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փետրո Փարոլինի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Մասնաւորապէս արծարծուեցան Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ ոտնձգութիւններու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող հարցեր։ Առկայ մարտահրաւէրներու եւ խնդիրներու յաղթահարման գործով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեծապէս կարեւորեց միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment