Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հարաւային Կովկասի Մէջ Փոխադրային Եւ Տնտեսական Կապերու Ապաշրջափակումէն Կը Շահին Նաեւ Իրանը, Ռուսաստանն Ու Թուրքիան․ Լաւրով

Հարաւային Կովկասի Մէջ Փոխադրային Եւ Տնտեսական Կապերու Ապաշրջափակումէն Կը Շահին Նաեւ Իրանը, Ռուսաստանն Ու Թուրքիան․ Լաւրով

by MassisPost

«Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումէն կը շահին ոչ միայն Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը, այլեւ՝ Իրանը, Ռուսաստանն ու Թուրքիան», այսօր՝ Հոկտեմբեր 6-ին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը՝ իրանցի գործընկերոջ հետ հանդիպումէն յետոյ։

Լաւրով նշած է, թէ իրանական կողմը դրական արձագանգած է այս երկիրներու մասնակցութեամբ 3+3 ձեւաչափով նոր հարթակ ստեղծելու նախաձեռնութեան։ Պնդելով, թէ առաջարկին կողմ են նաեւ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, Լաւրով ըսած է, թէ հայ գործընկերներուն հետ դեռ կ’աշխատին այս ուղղութեամբ։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Մոսկուա ժամանելուն պէս յայտարարած էր, որ յոյս ունին, որ Ռուսաստանը կ’արձագանգէ Հարաւային Կովկասի սահմաններու հնարաւոր փոփոխութեան։

«Մենք մտահոգութիւններ ունինք եւ քննարկսծ ենք այդ հարցը Լաւրովի հետ», – այսօր բանակցութիւններէն յետոյ յայտարարած է Հուսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիանը։

 

Ան, սակայն չէ մանրամասնած մանրամասնութիւններն ու ռուսական կողմի արձագանգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment