Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աւարտած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Այցը Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն

Աւարտած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Այցը Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն

by MassisPost

Վարչապետը Հոկտեմբեր 4-ին հանդիպած է Լիթուանիոյ Հանրապետութեան նախագահ՝ Կիթանաս Նաուսետայի հետ: Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի ծիրէն ներս համագործակցութեան, ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար նախատեսուած 2,6 միլիառ եւրօ փաթեթի արդիւնաւէտ իրականացման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Լիթուանիոյ նախագահը իր երկրի աջակցութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանագահութեան ջանքերուն։

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է նաեւ Լիթուանիոյ Սեյմասի նախագահ Վիքթորիա Չմիլիտէ-Նիելսընի հետ: Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Չիմիլիտէ-Նիելսըն ընդգծած են միջխորհդարանական կապերու կարեւորութիւնը, որոնք կրնան նպաստել երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ իրաւական պայմանագրային դաշտի կատարելագործման ուղղութեամբ փորձի փոխանակման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վիլնիւսի մէջ այցելած է «Անթաքալնիս» զինուորական գերեզմանատուն, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Լիթուանիոյ անկախութեան համար զոհուածներու յիշատակին:

Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է Վիլնիւսի USAD աղբի վերամշակման գործարանը, ծանօթացած ժամանակակից ճարտարագիտութեան կիրառմամբ աղբի վերամշակման գործընթացին: Գործարանի տնօրինութիւնը վարչապետին ներկայացուցած է վերամշակուող աղբէն յառաջացած հումքը:

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Վիլնիւս գտնուող Արեւելեան Եւրոպայի հետազօտութիւններու կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած է փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Վարչապետը նախ անդրադարձած է մեր երկրին եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Այցի աւարտին Նիկոլ Փաշինեան եւ Լիթուանիոյ կառավարութեան ղեկավար՝ Ինկրիտա Շիմոնիտէն Քաունասի մէջ ներկայ գտնուած են ՀՀ անկախութեան 30-ամեակին եւ հայ-լիթուական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին նուիրուած համերգին, ուր հանդէս եկած է Քաունասի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment