Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Կողմէ Ատրպէյճանեան Օդանաւերու Դէպի Նախիջեւան Թռիչքին Դէմ Արգելք

Իրանի Կողմէ Ատրպէյճանեան Օդանաւերու Դէպի Նախիջեւան Թռիչքին Դէմ Արգելք

by MassisPost

Իրանը պաշտօնական ռազմական ալիքներով տեղեկացուցած է Ատրպէյճանին, որ Հոկտեմբեր 5-էն սկսեալ պիտի արգիլէ դէպի Նախիջեւան ուղեւորուող ատրպէյճանական ռազմական օդանաւերու թռիչքը Իրանի տարածքով: Այս մասին յայտնած է «Թրենտ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով իր ռազմական աղբիւրին:

Ատրպէյճանական Զանգուածային Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ խօսքը Ատրպէյճանէն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն ռազմական սարքաւորումներ տեղափոխող ինքնաթիռներու մասին է:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ կատարուած յայտարարութեան համաձայն՝ Հոկտեմբեր 5-ին Նախիջեւանի մէջ մենկարկած են թուրք-ատրպէյճանական նոր զօրավարժութիւններ՝ ի պատասխան իրանական ուսումնավարժանքներուն, որոնք կը կատարուին Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment