Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Վարչապետ՝ Կլատիս Պերեճիքլեան Հրաժարական Տուած Է

Նոր Հարաւային Ուէյլզի Վարչապետ՝ Կլատիս Պերեճիքլեան Հրաժարական Տուած Է

by MassisPost

Կլատիս Պերեճիքլեան յայտնած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարականի մասին.-

«Ես ստիպուած էի մէկ գիշերուայ ընթացքին ծայրայեղ դժուար որոշում կայացնել, բայց պարտաւորուած եմ այդ ընել Նոր Հարաւային Ուէյլզի բնակիչներու նկատմամբ ունեցած սիրոյ եւ յարգանքի եւ վարչապետի պաշտօնի նկատմամբ ունեցած մեծ յարգանքի պատճառով»,-նշած է Պերեճիքլեան:

Ան աւելցուցած է, որ Քորուփցիայի դէմ անկախ յանձնաժողովը յայտարարութիւն տարածած է հաղորդելով, որ կը հետաքննէ իր վերաբերեալ եղած մեղադրանքները` Ուակկա Ուակկայի նախկին անդամին առնչուող հարցերու վերաբերեալ:

«Ես յստակ կը յայտարարեմ, որ միշտ գործած եմ ամենաբարձր աստիճանի ազնուութեամբ: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ես միշտ կատարած եմ իմ պարտականութիւնները՝ ի շահ Նոր Հարաւային Ուէյլզի այն մարդոց, որոնց ես արտօնութիւն ունեցած եմ ծառայելու»,-ըսած է Պերեճիքլեան:

Ան յիշեցուցած է, որ  բազմիցս ըսած է, որ եթէ իր նախարարներէն որեւէ մէկը մեղադրուի այնպիսի բաներով, որոնք կը հետաքննուին իրաւապահներու կողմէ, ուրեմն պէտք է գործունէութիւնը դադրեցնէ՝ մինչեւ նախաքննութեան աւարտը: Պերեճիքլեան շեշտած է, որ այդ նոյն չափանիշը պէտք է կիրառուի նաեւ իրեն համար՝ որպէս վարչապետ:

«Ինծի համար ցաւալի է յայտարարել, որ այլընտրանք չունիմ, բացի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տալը»,-ըսած է Կլատիս Պերեճիքլեան:

Պերեճիքլեանի հրաժարականը ուժի մէջ կը մտնէ այն պահուն, երբ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Ազատական կուսակցութիւնը Խորհրդարանի նոր ղեկավար ընտրէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment