Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած Է Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին

Իրանը Լայնածաւալ Զօրավարժութիւններ Սկսած Է Ատրպէյճանի Հետ Սահմանին

by MassisPost

Իրանական բանակը Հոկտեմբեր 1-ին լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանին` հրետանիի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ ուղղաթիռներու ներգրաւմամբ։ Թէ որքան պիտի շարունակուին անոնք եւ յստակ որ տարածքներու վրայ պիտի կատարուին, պաշտօնական աղբիւրները մինչեւ այս պահը չեն յստակացուցած:

Նշուած է միայն, որ վարժանքներու նպատակն է ստուգել ու ամրապնդել բանակի մարտունակութիւնը:

Զօրավարժութիւնները կը կատարուին Ատրպէյճանի հետ լարուածութեան ֆոնին, որու պատճառներէն մէկն ալ Պաքուի սերտ յարաբերութիւններն են Թեհրանի ոխերիմ հակառակորդ Իսրայէլի հետ:

Նախօրէին Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Հուսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան, այս մտահոգութիւնը անձամբ փոխանցած է Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան՝ Ալի Ալիզատէին. – «Մենք չենք հանդուրժեր սիոնիստական ռեժիմի ներկայութիւնն ու աշխուժութիւնը մեր ազգային անվտանգութեան դէմ, կամ մեր սահմաններու հարեւանութեամբ, եւ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկենք այս ուղղութեամբ»:

Օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած էր, թէ իրանական կողմի այս քայլերը առնուազն տարակուսելի են: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ՝ Սեպտեմբեր 30-ին Ատրպէյճանի դեսպանի հետ հանդիպման ընթացքին վերստին պնդած է, որ սեփական երկրին մէջ զօրավարժութիւններ կատարելու տեղը, ժամանակն ու բնոյթը միայն Թեհրանը կ’որոշէ:

Ընդգծելով, որ Իրանը հաստատակամ է այս հարցով՝ արտաքին գործոց նախարարը միաժամանակ նշած է, որ հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները փճացնել չեն ուզեր:

Իրանի ներքին գործոց նախարար՝ Ահմատ Ուահիտի պատասխանելով Ատրպէյճանի հետ լարուած յարարբերութիւններու վերաբերեալ հարցին՝ ըսած է. – «Եթէ կան հարցեր եւ թիւրիմացութիւններ, անոնք կը լուծուին դիւանագիտական ուղիներով: ԱԳՆ-ը կը հետեւի անոր»:

Վերլուծաբանները նշած են, որ երկկողմանի լարուածութեան պատճառներէն մէկն ալ Պաքուի վերջին քայլերն են Իրան-Հայաստան ճանապարհին: Քանի մը շաբաթ է, որ ատրպէյճանցի սահմանապահները ճանապարհի մաքսատուրք կը գանձեն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածներուն մէջ։ Օրեր առաջ ձերբակալած էին երկու վարորդներ՝ ապօրինի Ղարաբաղ այցելելու համար:

«Ասոշիէյթըտ Փրէսը» նշած է, որ լարուածութեան առիթ դարձած են նաեւ Պաքուի օրըստօրէ խորացող յարաբերութիւնները Թուքրիոյ հետ. Սեպտեմբերին Ատրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով համատեղ զօրավարժութիւններ կատարեց Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի յատուկ նշանակութեան ջոկատներուն հետ:

Պատահական չէ, որ պաշտօնական Անգարան այսօր՝ յատուկ յայտարարութիւն տարածած է, ուր նշուած է, թէ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները պէտք չէ անհանգստացնեն երրորդ երկիրները. – «Անգարան եւ Պաքուն բոլոր իրաւունքները ունին զարգացնելու եւ ամրապնդելու երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ ատիկա անոնց ինքնիշխան իրաւունքն է։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կը նպաստէ կայունութեան ու անվտանգութեան տարածաշրջանին մէջ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment