Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փեսքովի Հաղորդմամբ՝ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին Քննարկուած Է Նաեւ Ղարաբաղեան Կարգաւորման Հարցը

Փեսքովի Հաղորդմամբ՝ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին Քննարկուած Է Նաեւ Ղարաբաղեան Կարգաւորման Հարցը

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով, Սեպտեմբեր 30-ին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, որոշ մանրամասնութիւններ յայտնած է Փութին-Էրտողան հանդիպումին քննարկուած թեմաներէն։ Ան ըսած է, որ հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խնդիրները։

«Մանրամասնօրէն մտքեր փոխանակուած են Սուրիոյ շուրջ, խօսած են Աֆղանիստանի, Լիպիոյ մասին, եւ ի հարկէ խօսք եղած է նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորումի մասին»,- յայտնած է Փեսքով։

Փեսքովի հաղորդմամբ՝ ռուսական կողմը ընդգծած է, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումային որոշումներ փնտռեն սահմանի սահմանազատման եւ փոխադրային ենթակառույցները զարգացնելու հարցերով։

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Սոչիէն վերադարձի ճանապարհին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ամփոփած է նախօրէին Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման արդիւնքները:

Ան նշած է, որ օրակարգային շարք մը հարցերու կարգին կողմերը քննարկած են նաեւ իրավիճակը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:
Էրտողան անդրադարձած է «Զանգեզուրի միջանցքին»՝ կարեւորելով անոր կարեւորութիւնը ողջ տարածաշրջանին համար:
«Այդ հատուածին մէջ գործարկուելիք ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհները տարածաշրջանային բոլոր երկիրներու համար առեւտրատնտեսական հնարաւորութիւններ կը բերեն: Ատրպէյճանը այս միջանցքի համար լայնածաւալ աշխատանքներ կը տանի: Ի հարկէ, Հայաստանն ալ պէտք է իր պարտաւորութիւնները կատարէ», -TRT Haber-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment