Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպական Խորհուրդը Բանակցութիւններ Սկսած Է Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ՝ Փոխադարձ Վստահութիւն Ստեղծելու Համար

Եւրոպական Խորհուրդը Բանակցութիւններ Սկսած Է Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ՝ Փոխադարձ Վստահութիւն Ստեղծելու Համար

by MassisPost

«Մենք բանակցութիւններ սկսած ենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ՝ այդ երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւն ստեղծելու համար», – ըսած է Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար՝ Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչը՝ ելոյթ ունենալով ԵԽ Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին։

Ան մատնանշած է չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն երկխօսութեան մասնակցելու Եւրոպայի կարեւոր դերը ժողովրդավարական անվտանգութիւն ապահովելու համար եւ ըսած, թէ կարեւոր է, որ Եւրոպայի խորհուրդի կառոյցները անարգել մուտք ունենան այդ շրջաններ։

Փէյչինովիչ-Պուրիչի խօսքով՝ կողմերուն միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման համար վստահութիւն ստեղծելու միջոցները կարեւոր գործօններէն են, եւ քանի որ երկու երկիրները չեն առարկեր, այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։

Սթրասպուրկի մէջ ԵԽԽՎ նիստի ելոյթին Եւրոպական Խորհուդի գլխաւոր քարտուղարը նաեւ անդրադարձած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներու կատարման։ «Կենսականօրէն կարեւոր է, որ ԵԽ անդամ երկիրները ամբողջովին կատարեն ՄԻԵԴ-ի վճիռները», – ըսած է Փէյչինովիչ-Պուրիչը՝ ընդգծելով, որ այդ պարտականութիւնը քննարկման ենթակայ չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment