Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Freedom House Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանը Վիրաւորելու Համար Դիմատետրի Օգտատիրոջ Դէմ Քրէական Գործի Առնչութեամբ

Freedom House Մտահոգութիւն Յայտնած Է Փաշինեանը Վիրաւորելու Համար Դիմատետրի Օգտատիրոջ Դէմ Քրէական Գործի Առնչութեամբ

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը մեկնաբանութիւնով վիրաւորած դիմատետրեան օգտատիրոջ դէմ վերջերս յարուցուած քրէական գործի առնչութեամբ։

Կազմակերպութիւնը իր հաղորդագրութեամբ նշած է, որ այդ տեղի ունեցած է կառավարական պաշտօնեաներուն «ծանր վիրաւորանք» հասցնելը քրէականացնող օրէնսդրական փոփոխութիւններու՝ խորհրդարանի կողմէ ընդունուելէն երկու ամիս ետք, եւ «կը նշանաւորէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական նորմերու՝ արտայայտուելու ազատութեան յստակ նահանջ»։
Հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ «անմիջապէս դադրեցնելու վիրաւորանքը քրէականացնող այս հակասահմանադրական օրէնսդրութեան կիրառումը»։

Մօտ մէկ շաբաթ առաջ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները քրէական գործ յարուցած են Դիմատետրով վարչապետի լուսանկարին տակ վիրաւորական մեկնաբանութիւն գրելու համար եւ իրաւապահ մարմինները միջոցներ ձեռնարկած են մեկնաբանութեան հեղինակի ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ։

Նախորդ Ազգային ժողովը իր աշխատանքի վերջին օրերուն օրէնք ընդունեց, որ կը քրէականացնէ անպարկեշտ խօսքերը եւ հայհոյանքը: Քրէական օրէնսգրքին մէջ աւելցուեցաւ նոր՝ 137․1 յօդուածը, որ վերնագրուած է «Ծանր վիրաւորանք» եւ կը նախատեսէ պատիժ՝ մինչեւ 3 միլիոն դրամ տուգանք կամ ազատազրկում՝ մինչեւ երեք ամիս ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment