Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հիւսիս-Հարաւի» Գործով 7 Անձի Վերաբերեալ Գործ Ուղարկուած Է Դատարան

«Հիւսիս-Հարաւի» Գործով 7 Անձի Վերաբերեալ Գործ Ուղարկուած Է Դատարան

by MassisPost

ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան դատավարական ղեկավարման ներքոյ, ՀՀ Քննչական Կոմիտէի ՀԿԳ քննութեան գլխաւոր վարչութեան, ՀՀ ԱԱԾ (Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն) քննչական բաժանմունքի, ՀՀ ոստիկանութեան, ՀՀ ՊԵԿ աշխատակիցներու կողմէ  համատեղ կատարուող բազմածաւալ քննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեամբ պարզուած եւ հիմնաւորուած է «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագիրի «М1 Թալինից Գիւմրի ճանապարհի վերակառուցում եւ բարելաւում» ենթածրագրի ծիրէն ներս, Թալին-Լանջիկ եւ Լանջիկ-Գիւմրի հատուածներու շինարարական աշխատանքներու որպէս յանձնառու, կամ խորհրդատուական ծառայութիւն կատարող ներգրաւուած քանի մը ընկերութիւններու ղեկավարներու եւ աշխատակիցներու կողմէ պարտաւորութիւններու կատարման պատրանք եւ փաստաթղթային հիմքեր ստեղծելու, հարկային պարտաւորութիւնները անհիմն նուազեցնելու, ծառայութիւններու մատուցման եւ համագործակցութեան կեղծ պայմանագիրներու հիմքով ստացուած առանձնապէս խոշոր չափերու գումարներու յանցաւոր ծագման աղբիւրը եւ բնոյթը խեղաթիւրելու, առանց ծառայութիւններու մատուցման հարկային հաշիւներ դուրս գրելու միջոցով ծրագրի իրագործման համար յատկացուած ֆինանսական միջոցներ դուրս բերելու եւ այդ կերպ ընկերութեան կողմէ առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէն խուսափելուն օժանդակելու յանցաւոր նախագիծ: Վերջինիս կիրառման պատճառով ընդհանուր վնասը՝ ներառեալ նաեւ հաշուարկուած տոյժ-տուգանքները, կը կազմէ աւելի քան 2.7 միլիառ ՀՀ դրամ:

Յանցաւոր մեքենականութեան իրացման ներգրաւուած են նաեւ ՀՀ ՊԵԿ (Պետական Եկամուտներու Կոմիտէ) տեսուչներ:

Նշուած յանցաւոր արարքները կատարելու համար մեղադրանքներ առաջադրուած են՝ «Մուլթի Կրուփ» ընկերութեան տնօրէն, ճանապարհաշինարարական վերոնշեալ խոշոր ծրագրին ներգրաւուած «Սթոնս» ՍՊ ընկերութեան փաստացի ղեկավար՝ Սեդրակ Առուստամեանին եւ ընկերութեան աշխատանքները վերջինիս հետ համակարգող Գուրգէն Սարգսեանին: Միւս համակարգող Սուրէն Աւագեանին: «Սթոնս» ՍՊ ընկերութեան գլխաւոր հաշուապահին: «Սթոնս» ՍՊ ընկերութեան 2 աշխատակցուհիներուն, եւս մէկ անձի՝ բազմագրական արտադրանքի տպագրութեամբ զբաղող Ա/Ձ աշխատակցուհիին:

Նախաքննութեան ընթացքին, որպէս «Սթոնս» ՍՊ ընկերութեան՝ վերոնշեալ ղեկավարներու եւ աշխատակիցներու կողմէ կատարուած յանցաւոր գործողութիւններէն առաջացած վնասի հատուցման երաշխիք՝ ՀՀ ՔԿ-ի հաշուին փոխանցուած է 1 միլիառ դրամ:

Քրէական գործի նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն կատարող ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան աւագ դատախազը հաստատած է նշուած դրուագով մեղադրական եզրակացութիւնը, եւ քրէական գործը՝ ըստ մեղադրանքի 7 անձի,  ուղարկուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան՝ ըստ էութեան քննելու համար:

Վերոնշեալ դրուագով ՀՀ ՊԵԿ տեսուչներու մասով նախաքննութիւնը աւարտած էր աւելի վաղ, անոնց եւ եւս մէկ անձի վերաբերեալ գործը մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան ուղարկուած էր աւելի վաղ:

«Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրին առնչուող քրէական գործով բազմաթիւ այլ դրուագներով լրիւ, առարկայական եւ բազմակողմանի քննութիւնը, հետեւողական դատախազական հսկողութեան եւ ղեկավարման ներքոյ, կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment