Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով․ «Նիւ Եորքի Մէջ Համաձայնուած Է Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Տարածաշրջանային Այցերու Վերսկսման Հարցը»

Լաւրով․ «Նիւ Եորքի Մէջ Համաձայնուած Է Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Տարածաշրջանային Այցերու Վերսկսման Հարցը»

by MassisPost

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի խօսքով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ օրերս Նիու Եորքի մէջ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին յստակ արդիւնքներ ձեռքբերուած են։

«Որքան ես հասկցայ, համանախագահները համաձայնեցուցած են՝ [Լեռնային Ղարաբաղ] այցելութիւններու նպատակով տարածաշրջանային շրջագայութիւններու վերսկսման, տեղւոյն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման հարցերը», – TACC -ի հաղորդմամբ՝ նշած է Լաւրով՝ աւելցնելով, – «հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ Ստեփանակերտի մէջ»։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ 2020 թուականի Նոյեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գլխաւոր արդիւնքը տարածաշրջանի կայունութեան հաստատումն է։
«2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան հրապարակումէն անցած գրեթէ մէկ տարուայ գլխաւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ կայունութիւն հաստատուած է, անիկա կը պահպանուի։ Ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբը կը նպաստէ, որ այժմ մենք որեւէ լուրջ բռնարարքներ չենք տեսներ։ Փոքր միջադէպերը, որ սկզբնական շրջանին կ’արձանագրուէին, արագօրէն կը մարուին։ Անգամ մը եւս ընդգծեմ, որ այժմ այնտեղ իրադրութիւնը կայուն է, չնայած խնդիրներու պակաս չկայ», – յայտարարած է Սերկէյ Լաւրովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment