Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ 3781 Զոհ, 231 Զինծառայող եւ 22 Քաղաքացիական Անձ՝ Անհետ Կորած․ 44-Օրեայ Պատերազմի Ողբերգական Հետեւանքները

3781 Զոհ, 231 Զինծառայող եւ 22 Քաղաքացիական Անձ՝ Անհետ Կորած․ 44-Օրեայ Պատերազմի Ողբերգական Հետեւանքները

by MassisPost

2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէյճանը չյայտարարուած պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ՝ թիրախ ունենալով ոչ միայն հայկական ռազմական նշանակութեան կառոյցները, այլ նաեւ քաղաքացիական  ենթակառուցուածքները։ Արցախցի մեծ ու մանուկ ապաստան գտած էին հոսանքազուրկ նկուղներուն մէջ՝ կարծելով, թէ օր առաջ կ’աւարտի պատերազմը։ Աւելի ուշ միջազգային մամուլն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները բարձրաձայնեցին ու մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Արցախի դէմ ծաւալուած յարձակողական պատերազմին նաեւ Թուրքիան միջամտած էր՝ սուրիացի վարձկաններ ներգրաւելով։ Ատրպէյճանա-թրքական յարձակման հետեւանքով իրագործուած պատերազմական յանցագործութիւնները բազմաթիւ էին, յարուցուած քրէական գործերը՝ եւս։

ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութենէն ներս կը շարունակուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական պատերազմ սանձազերծելու եւ վարելու, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին նախապէս հաւաքագրուած վարձկաններ օգտագործելու, պատերազմ վարելու արգիլուած մեթոտներ եւ միջոցներ կիրառելու, քաղաքացիական բնակիչները զինծառայողներէն չտարբերակելու եւ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու քաղաքացիական բնակչութեան համակարգուած, կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած գրոհներու թիրախ դարձնելու, մասնաւորապէս՝ խոր թիկունքը գտնուող քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական կառոյցները ոչ ընտրովի յարձակման կառոյցներ դարձնելու եւ հրետակոծելու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերու լուրջ խախտումներ համարուող արարքներ կատարելու փաստերու առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Քրէական գործի ծիրէն ներս պարզուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական պատերազմի հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՀ-ի մէջ զոհուած զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 3781 անձ։

27.09.2021-ի դրութեամբ անյայտ է 231 զինծառայողի եւ 22 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը։

Մինչեւ օրս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն յանձնուած են գերեվարուած ընդհանուր թիւով 108 զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment