Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Այցելած Է Զինուորի Տուն եւ Հայրենիքի Պաշտպաններու Հետ Մէկ Րոպէ Լռութեամբ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Հերոս Հայորդիներու Յիշատակին

Վարչապետը Այցելած Է Զինուորի Տուն եւ Հայրենիքի Պաշտպաններու Հետ Մէկ Րոպէ Լռութեամբ Յարգանքի Տուրք Մատուցած Հերոս Հայորդիներու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Արայիկ Յարութիւնեանի, Առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանեսեանի եւ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար՝ Նարեկ Մկրտչեանի հետ այցելած է Զինուորի տուն՝ Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն:

Կառավարութեան ղեկավարը ԵՊԲՀ ռեկտոր՝ Արմէն Մուրատեանի ուղեկցութեամբ նախ շրջայց կատարած է վերականգնողական կեդրոնի մէջ, ծանօթացած յատուկ զինուոր հաշմանդամներու համար ստեղծուած վերականգնողական մասնագիտական կեդրոնի ընթացիկ գործունէութեան, զարգացման հետագայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ բացուած «Գեղեցկութիւն՝ զինուորներից» խորագրով ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայացուած աշխատանքներուն: Վերջիններէն գոյացած ողջ հասոյթը տղաները պիտի նուիրաբերեն Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին։

Տեղեկացուած է, որ Զինուորի տան մէջ առաջիկային պիտի բացուի յատուկ սենեակ, ուր տղաները կ’ուսումնասիրեն կաւագործութիւն, քանդակագործութիւն, տարբեր ուղղութիւններով կը զարգացնեն իրենց հմտութիւնները:

Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուած է նաեւ «Միասնականութեան գորգ» նախագիծը, որու ծիրէն ներս Զինուորի տունը եւ «Մեգերեան Կարպետը» համատեղ կը ստեղծեն շուրջ երկու միլիոն հինգ հարիւր հազար հանգոյց ունեցող գորգ, որու աշխատանքներուն մասնակցելու հնարաւորութիւն ունի աշխարհի իւրաքանչիւր հայ:

Միասնութեան գորգի տորգը (դազգահ) դրուած է Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն՝ Արմենակ Ուրֆանեան սրահը, որ բացուած է Հայոց բանակի հիմնադրման 28-ամեակի առթիւ եւ որ վերանորոգուած  ու կահաւորուած է գերժամանակակից սարքաւորումներով «Իմ քայլը» հիմնադրամի աջակցութեամբ:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան հանդիպած է Զինուորի տան մէջ բուժում ստացող Հայրենիքի պաշտպաններուն հետ եւ ծանոթացած անոնց վերականգնման ընթացքին, պատասխանած զանոնք յուզող շարք մը հարցերու: Հանդիպման ընթացքին՝ ժամը 11:00-ին, վարչապետը տղաներուն հետ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած է 44-օրեայ պատերազին զոհուած հերոս հայորդիներու յիշատակին:

Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնը պահել բոլոր զինուոր հաշմանդամներու խնդիրները, իսկ ծրագիրները ուղղուած պիտի ըլլան անոնց անհրաժեշտ պարագաներով ու ժամանակակից սարքաւորումներով ապահովման, կրթութեան համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման,  եւ մասնագիտական վերապատրաստման գործընթացի ապահովման: «Կարեւոր է, որ զինհաշմանդամները պատրաստուեն լիարժէք կեանքի՝ հաշուի առնելով իրենց նախասիրութիւններն ու պետութեան կողմից կրթական բաղադրիչների ապահովումը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա կը նպաստէ նաեւ տղաներու սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման:

Հաշուի առնելով նաեւ բարձրացուած հարցերը՝ վարչապետը Առողջապահութեան եւ Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարներուն յանձնարարած է ուսումնասիրել ներկայացուած խնդիրներն ու գտնել անոնց լուծման անհրաժեշտ միջոցներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment