Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նիու Եորքի Մէջ Կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպումը

Նիու Եորքի Մէջ Կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպումը

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ՝ Նիու Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: Համանախագահները Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ ունեցած են նաեւ առանձին հանդիպումներ: Այս մասին ուրբաթ օրը յայտարարութիւն տարածած են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներ՝ Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրը (ԱՄՆ) եւ Իկոր Խովաեւը (Ռուսաստան):

Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ՝ Անճէյ Քասփշիկը:

Համանախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները, ըստ յայտարարութեան, քննարկած են «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չլուծուած հարցերու լայն շրջանակ»: Միջնորդները առաջարկած են իրավիճակի ապամագլցումին ուղղուած յատուկ միջոցառումներ եւ հնարաւոր հետագայ քայլեր:

Համանախագահները իրենց շարունակական աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի եւ անոր անձնակազմի ձեռնարկած գործողութիւններու ամբողջ շարքին, ըսուած է յայտարարութեամբ:

Միջնորդները ողջունած են արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումը 2020-ի Նոյեմբերէն ի վեր՝ զայն գնահատելով որպէս «տարածաշրջանի անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման նպաստելու նպատակով ուղիղ երկխօսութեան միջոցով խաղաղ գործընթացին մէջ վերստին ներգրաւուելու՝ երկու երկիրներու վճռականութեան նշան»:

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը` շարունակել աշխատանքը կողմերուն հետ` «գտնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր մնացեալ խնդիրներու համապարփակ լուծումներ, համաձայն իրենց մանտաթի»:

Միջնորդները յայտնած են նաեւ, որ Սեպտեմբեր 24-ին հանդիպած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական եւ խաղաղարարութեան հարցերով տեղակալ՝ Ռոզմարի Տի Քառլոյի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ՝ Անն Լինտէի հետ՝ անոնց ներկայացնելով անցեալ մէկ տարուայ ընթացքին իրենց գործադրած ջանքերը, ներառեալ՝ «գործընթացի ամենավերջին զարգացումները»:

Հայկական կողմի հաղորդմամբ՝ հնգակողմ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ԱԳ նախարարը արտայայտած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը` վերսկսելու ղարաբաղեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով։

«Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատել է համանախագահների հետ հանդիպմանը յայտնած դիրքորոշումը ապամագլցումի եւ մարդասիրական խնդիրների կարգաւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ», – նշուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները մտքեր փոխանակած են հրատապ մարդասիրական խնդիրներու հասցէագրման շուրջ: Այս շրջածիրէն ներս Արարատ Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Ատրպէյճանական կողմն ալ հակիրճ հաղորդագրութիւն տարածած է, ըստ որու, մասնաւորապէս, Պայրամովը «հակառակ կողմին փոխանցած է յետհակամարտային իրավիճակի վերաբերեալ Ատրպէյճանի յայտնի դիրքորոշումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment