Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ Նշուեցաւ 44-Օրեայ Պատերազմի Մեկնարկի Տարելիցը

Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ Նշուեցաւ 44-Օրեայ Պատերազմի Մեկնարկի Տարելիցը

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի մեկնարկի տարելիցը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նշեցին յիշատակի միջոցառումներով: Արցախի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուեցաւ, Մայր տաճար ներկայ էր նաեւ Ղարաբաղի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը:

ժամը 11-ին, ինչպէս Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւս մէկ րոպէ լռութիւն յայտարարուեցաւ, ապա Արցախի նախագահի առաջնորդութեամբ երթ կատարուեցաւ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր` Եղբայրական գերեզմանատուն, ուր ամփոփուած են Արցախեան պատերազմներու զոհերու աճիւնները: Այստեղ միջադէպ արձանագրուեցաւ՝ գերեզմաններէն մէկուն մօտ հաւաքուած հարազատները, նկատելով Յարութիւնեանը, գոռացին «դաւաճան»` զինք մեղադրելով հազարաւոր զոհերու եւ Շուշին յանձնելու համար:

pashinyan-yeraplur-sept-27

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը՝ Պատւոյ պահակախումբի կողմէ պահպանուող ծառերուն մօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուած է Երեւանի բուսաբանական այգիին մէջ հիմնուելիք Կեանքի պուրակի նախագիծն ու առաջիկային նախատեսուող աշխատանքները:

Պուրակին մէջ, որ պիտի ունենայ 25-30 հեքդար տարածք, պիտի տնկուին Արցախեան պատերազմներու բոլոր զոհերու կենդանութիւնն ու ներկայութիւնը խորհրդանշող ծառեր, իսկ կենաց ծառը կը խորհրդանշէ մեր բոլոր նահատակները եւ հայրենիքին տուած անոնց կեանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment