Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կատարուեցաւ Հոգեհանգիստ 44-Օրեայ Պատերազմին Զոհուած Քաջորդիներու Համար

Կատարուեցաւ Հոգեհանգիստ 44-Օրեայ Պատերազմին Զոհուած Քաջորդիներու Համար

by MassisPost

Սեպտեմբեր 27-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Սուրբ Գայանէ վանքը կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Արարողութեան մասնակցած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ աշխատակիցներ, բարերարներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, «Էօռնեկեան» հանրակրթական դպրոցի մանկավարժներ եւ սաներ։

Մինչ հոգեհանգստեան արարողութիւնը խօսքով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ․ Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը՝ անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմին։ Սրբազանը հրաւիրեց եկեղեցականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացնելու նահատակուած քաջորդիներու հոգիներու հանգստութեան, ինչպէս նաեւ վիրաւորում ստացածներու ապաքինման եւ անյայտ կորածներու վերադարձի համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment