Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Խաչքար Յուշարձանի Բացում եւ Նուիրում Փասատինայի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Խաչքար Յուշարձանի Բացում եւ Նուիրում Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021, յատուկ օր մըն էր, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիին եւ Փասատինայի գաղութին։

Առտուայ պաշտամունքի ընթացքին Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան անդրադարձաւ Խաչվերացի տօնին եւ շեշտեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչին կարեւորութիւնը եւ Անոր պատգամը ուղղուած իւրաքանչիւր հայորդիի։

Ապա խուռներամ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Եկեղեցւոյ շրջափակ եւ հոն Վեր. Մկրտիչեան անդրադարձաւ 1915 ի Ցեղասպանութեան, Տէր զօրի կիզիչ անապատներէն Աստուծոյ հրաշագործութեամբ վերապրողներուն, Խաչի պատգամին եւ թէ ինչպէս Քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած մեր հայրերն ու մայրերը հասան Փասատինա եւ հիմնեցին առաջին հայկական եկեղեցին Փասատինայի մէջ եւ որպէս զի նոր սերունդը չը մոռնայ անցեալը եւ չը մոռնայ մեր պապերու հողերը ու չըմոռնայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, անոնք Եկեղեցին անուանեցին Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի։

Եւ այսօր շարունակելով անոնց ժառանգը եւ նկատի առնելով խաչի կարեւորութիւնը, կը կատարենք հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար յուշարձանի բացում նուիրումը՝ Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի շրջափակին մէջ, որը նուիրեց՝ Եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամներէն եւ Հոգաբարձութեան նախկին Ատենապետ բարերարուհի՝ Տիկ. Անայիս Տէրեան Պուլղուրճեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ ուսուցիչ եւ տնօրէն՝ Արամ Պուլղուրճեանի եւ ի յարգանք 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացողներուն։

Ապա Եկեղեցւոյ Հովիւը կատարեց Խաչքարի նուիրման յատուկ աղօթքը։

«Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն, Օրհնութեան աղօթքէն եւ Կիլիկիա մաղթերքի երգեցողութենէն ետք, ժողովուրդը համախմբուեցաւ Եկեղեցւոյ Տէրեան սրահէն ներս եւ հոն տեղի ունեցաւ ճաշ։

Ահաւասիկ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքար Յուշարձան մը եւս աւելցաւ աշխարհի միւս յուշարձաններուն կողքին եւ բոլորս կանչուած՝ հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սրբազան կտակին՝ յիշելով, յիշեցնելով եւ պահանջելով Աստուածային արդարութիւն։

Յիշենք թէ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքարը պատրաստուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ գործն է Երեւանի Գեղարուեստի Պետական Ակադեմեայէն շրջանաւարտ քանդակագործ՝ Զագար Պալումեանի, իսկ Յուշարձանը՝ Ճարտարապետ Միքայէլ Եուսուֆեանի։

 

Փառք եւ պատիւ Հօր Աստուծոյ եւ պայծառութիւն հայրենքին ու հայ ազգին։ Ամէն

 

Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի

Փասատինա

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment