Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիան Ատրպէյճանի Հետ Կը Համակարգէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականացման Քայլերը. Չաւուշօղլուն

Թուրքիան Ատրպէյճանի Հետ Կը Համակարգէ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականացման Քայլերը. Չաւուշօղլուն

by MassisPost

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպում ծրագիրներուն մէջ չկայ», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Սթամպուլի մէջ Թրքական խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ծիրէն ներս Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ Չաւուշօղլուն ըսած է, թէ ընտրութիւններէն յետոյ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանը քանի մը յուսադրող յայտարարութիւն ըրած է, եւ Թուրքիոյ նախագահը զանոնք հաւանութեամբ ընկալած է ։

«Մենք ի սկզբանէ կը ցանկայինք, որ տարածաշրջանը խաղաղ տարածաշրջանի վերածուի պատերազմէն յետոյ։ Ատրպէյճանը հանդէս եկաւ խաղաղութեան մասին առաջարկութեամբ։ Սակայն Հայաստանը դրական պատասխան չտուաւ անոր։ Մենք Ատրպէյճանի հետ կը համակարգենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականցման քայլերը», – APA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment