Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վան Նայսի Սուրբ Պետրոսի Եկեղեցին Վանդալութեան Ենթարկուած է

Վան Նայսի Սուրբ Պետրոսի Եկեղեցին Վանդալութեան Ենթարկուած է

by MassisPost

Վան Նայսի  Սուրբ Պետրոսի հայկական եկեղեցին հինգշաբթի օրը վանդալութեան   ենթարկուած է։   Կոտրուած է եկեղեցւոյ 8 շատ հազուադէպ գունաւոր գծագրուած ապակիներու (վիթրաժ)։

Սուրբ Պետրոսի եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Շնորհք   Տեմիրճեանը Զանգուածային լրատուական Միջոցներուն յայտնած է, որ տեսահսկման տեսախցիկներու ձայնագրութիւնները ցոյց տուած են, որ հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 1:30-ին յարձակողը սեւ հագուստով եւ գլխարկով եղած է եւ պայուսակ ունեցած է։ Ան այդ ժամանակ պեյսպոլի մահակով սկսած է ջարդել Շերման Ուէյ գտնուող վիթրաժային պատուհանները:

Եկեղեցական խորհուրդը վանդալիզմի մասին իմացած է հինգշաբթի վաղ առաւօտեան, եւ անմիջապէս տեղեկացուցած Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան, որ յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը հետաքննէ միջադէպը:  Ոստիկանութիւնը միջադէպը որակած է որպէս «վանդալութիւն»։

st peter-4st peter-3st peter-1

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment