Սեպտեմբեր 23-ին Նիու Եորք կայացած հանդիպման ժամանակ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ժան-Իվ Լը Տրիանը քննարկած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Միրզոյեան առանձնայատուկ կարեւորած է Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ հայրենադարձումը։
Երկուստեք կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։
Կողմերը քննարկած են հայ-ֆրանսական առաձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն եւ տարբեր ոլորտներու փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման ու խորացման վերաբերող հարցեր, նշուած է հաղորդագրութեամբ։
Արարատ Միրզոյեան, որ սեպտեմբեր 21-ին մեկնած էր Նիու Եորք՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, շարք մը այլ երկիրներու պաշտօնակիցներու հետ եւս հանդիպումներ ունեցած է ։
Կը նախատեսուի Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի հանդիպումը նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ։