Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը Պահանջած Է Ատրպէյճանէն Ազատ Արձակել Հայ Ռազմագերիները

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը Պահանջած Է Ատրպէյճանէն Ազատ Արձակել Հայ Ռազմագերիները

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը օրինագիծ ընդունած է, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները:

Օրինագիծը, որ ներկայացուած է Ներկայացուցիչներու պալատի 16 անդամներու կողմէ, կը պահանջէ նաեւ զեկոյց Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ՝ ներառեալ ապօրինի զինամթերքի եւ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը հայ խաղաղ բնակիչներուն դէմ:

Բացի այդ, պահանջուած է հետաքննել՝ այն անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութեան օգտագործումը, որոնք օգտագործուած են հայ խաղաղ բնակիչներու թիրախաւորման համար 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ժամանակ:

Նախագիծը ներկայացուցած էին Ատամ Շիֆը, Թոնի Քարդենասը եւ Պրատ Շերմանը, անոնց աջակցած են շարք մը այլ քոնկրէսականներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment