Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Յայտարարած է, Թէ Փաշինեանէն Դրական Ուղերձներ կը Ստանայ

Էրտողան Յայտարարած է, Թէ Փաշինեանէն Դրական Ուղերձներ կը Ստանայ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստանի վարչապետէն դրական ուղերձներ կը ստանայ։

«Մենք ունինք համագործակցութեան տարբերակ, զոր կ’անուանենք հինգի կամ վեցի հարթակ։ Այս առումով մենք այս պահուն դրական ուղերձներ կը ստանանք Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանէն։ Դրական ուղերձներու հետ մէկտեղ՝ մենք որոշ քայլեր կը ձեռնարկենք այս հարցով», – ըսած է Ռէճէպ Էրտողանը թրքական լրատուամիջոցներուն Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա վերադառնալու ճանապարհին օդանաւին մէջ տուած հարցազրոյցի ժամանակ։

Էրտողան աւելցուցած է, որ այս հարցը պիտի քննարկէ Ռուսաստանի նախագահին հետ այս ամիս Սոչիի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն։

«Մենք հնարաւորութիւն կը ստանանք լաւ զարգացնել տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը։ Սա ներառուած է այն հարցերու օրակարգին մէջ, որոնք ես կը քննարկեմ պարոն Վլատիմիր Փութինի հետ ամսուայ վերջը։ Այսպիսով ռուս-թրքական յարաբերութիւնները նոր հզօր խթան կը ստանան», – նշած է Թուրքիոյ նախագահը։

Օրեր առաջ Էրտողան յայտարարած էր, թէ Վրաստանի վարչապետի միջոցով Հայաստանի վարչապետը հանդիպում խնդրած է։ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ըսած էր, թէ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպիլ կամ չհանդիպիլը կախուած է Երեւանի դիրքորոշումէն, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment