Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւը ՄԱԿ-ին եւ Անդամ Երկիրներուն Կոչ Կ’ընէ Չօգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ Անուանումը

Ալիեւը ՄԱԿ-ին եւ Անդամ Երկիրներուն Կոչ Կ’ընէ Չօգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ Անուանումը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի ելոյթի ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը կոչ ըրած է անդամ երկիրներուն եւ կազմակերպութեան քարտուղարութեան չօգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը:

«Ատրպէյճանը 30-ամեայ հակամարտութիւնը լուծեց ռազմաքաղաքական միջոցներով, վերականգնեցուց իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պատմական արդարութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մնաց անցեալին: Ատրպէյճանը այլեւս չունի Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչատարածքային միաւոր: Նախագահի 2021 թուականի Յուլիս 7 -ի հրամանագիրով մենք ստեղծեցինք Ղարաբաղեան եւ Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական գօտիները: Օգտուելով այս հնարաւորութենէն՝ ես կոչ կ’ընեմ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն եւ ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան՝ մեր տարածքներուն անդրադարձած ատեն թոյլ չտալ իրաւական տեսանկիւնէն գոյութիւն չունեցող, քաղաքականապէս կողմնակալ անուններու օգտագործումը, որոնք խեղաթիւրող բնոյթ կը կրեն», – յայտարարած է Ալիեւը:

Ան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փաստաթղթեր փոխանցած են ՄԱԿ-էն ներս բոլոր պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն՝ ներառեալ համառօտ տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ, որոնք կ’արտացոլեն Ղարաբաղի քաղաքներու եւ գիւղերու վիճակը:

Ատրպէյճանի նախագահը կոչ ըրած է միջազգային ուժի ընկերութիւններուն ներդրումներ կատարելու Ղարաբաղի տարածքի կանաչ ուժի զարգացման համար: Ալիեւ ըսած է, որ վերջերս «ազատագրուած Ղարաբաղը եւ Արեւելեան Զանգեզուրը յայտարարած է կանաչ ուժի գօտի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment