Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ-ի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազները Եռակողմ Հանդիպում Ունեցած Են Ղազախստանի Մէջ

ՌԴ-ի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազները Եռակողմ Հանդիպում Ունեցած Են Ղազախստանի Մէջ

by MassisPost

Ղազախստանի մայրաքաղաք՝ Նուր Սուլթանի մէջ կայացած է Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազներու եռակողմ հանդիպումը։ Այն կայացած է ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ։ ТАСС գործակալութեան հաղորդմամբ՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անհետ կորածներու որոնողական աշխատանքներով շարունակել համագործակցութիւնը։

Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազ՝ Իկոր Քրասնովը նշած է եռակողմ ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը, ինչպէս նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օրինականութիւնը ամրապնդելու, մարդոց կեանքը կայունացնելու համար կողմերու կատարած աշխատանքի նշանակալից արդիւնքները վերջին 9 ամիսներու ընթացքին։

Քրասնովը հիմնական խնդիրը համարած է «թոյլ չտալ լարուածութեան սրացում տարածաշրջանի բնակչութեան մէջ» եւ կոչ ըրած է աւելի գործօն օգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ տեղակայուած Ռուսաստանի զինուորական դատախազներուն դիմելու հնարաւորութիւնները, որպէս տեղեկութիւններու փոխանցման խողովակ, ներառեալ՝ տեղի ունեցած խախտումներու վերաբերյալ տեղեկատուութիւն փոխանցելու, ինչպէս նաեւ մարդոց հայրենիք վերադարձնելու աշխատանքները շարունակելու համար։

Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են նաեւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդնեու յայտարարութիւններու իրագործումն ու իրաւական հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment