Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Սեպտեմբեր 24-28-ին ՀԱՊԿ-ը Կը Կայացնէ «Որոտ-2021» Վարժանքները

Հայաստանի Մէջ Սեպտեմբեր 24-28-ին ՀԱՊԿ-ը Կը Կայացնէ «Որոտ-2021» Վարժանքները

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 24-28-ին պիտի կայանան «Որոտ-2021» վարժանքները, մասնակցութեամբ՝ ՀԱՊԿ-ի օփերաթիւ արձագանգման հաւաքական ուժերու կազմէն ներս գտնուող թմրանիւթերու անօրինական շրջանառութեան հակազդման հարցերով զբաղող յատուկ ծառայութիւններուն, անոնց ստորաբաժանումներուն եւ ներքին գործոց մարմիններուն:

«Արմէնփրէս»–ի հաղորդմամբ` այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀԱՊԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Զօրավարժութիւնը տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ի hաւաքական անվտանգութեան համակարգի կառավարման մարմիններու եւ ուժերու ու միջոցներու կազմաւորումներու համատեղ պատրաստութեան ծրագրին համաձայն 2021 թուականին:

Առաջին փուլի ընթացքին ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու իրաւասու մարմիններու եւ Հայաստանի զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ջոկատի համահաւաք խումբերը լեռնային շրջանին մէջ կը մշակեն ուսումնավարժական եւ կիրառական խնդիրներ: Միեւնոյն ժամանակ տեղի կ’ունենան ՀԱՊԿ-ի հրամանատարական շտապային վարժանքներ՝ յատուկ գործողութեան մշակման ու իրագործման նպատակով:

Ուսումնական խնդիրներու լուծման ընթացքին, ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու յատուկ նշանակութեան ջոկատայինները Հայաստանի զինուած ուժերու եւ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումներուն հետ համատեղ կը մշակեն փոխ գործակցութիւն, ձեռք կը բերեն մարտական գործողութիւններուն ամէնէն մօտ պայմաններով յատուկ գործողութեան մասնակցելու փորձ եւ հմտութիւններ:

Վարժանքի երկրորդ փուլի ընթացքին տեղի կ’ունենան մարտական զէնքով մարտավարական հրաձգութեան մրցումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment