Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Գէորգեան Հայց Ներկայացուցած Է Խաչատուր Սուքիասեանի Դէմ

Արմէն Գէորգեան Հայց Ներկայացուցած Է Խաչատուր Սուքիասեանի Դէմ

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Արմէն Գէորգեան հայց ներկայացուցած է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Խաչատուր Սուքիասեանի դէմ։ Պատճառը իշխանական պատգամաւորի յայտարարութիւնն է, թէ Գէորգեանը միլիոններու կարողութիւն ունի ու 5 տասնեակէն աւելի սեփականութեան իրաւունք Երեւանի մէջ։

Պատգամաւորի փաստաբանական խումբը աւելի վաղ Սուքիասեանի այդ յայտարարութիւնը բացարձակ սուտ ու զրպարտիչ որակած էր։ Գէորգեան հիմա դատարանի միջոցով հերքում կը պահանջէ իր պատիւն ու արժանապատուութիւնը արատաւորող տեղեկութիւններուն առանց դրամական փոխհատուցման։

«Մինչ այս հայցադիմումը հրապարակումից անմիջապէս յետոյ` Խաչատուր Սուքիասեանի ստերից յետոյ Արմէն Գէորգեանի փաստաբանական խումբը յայտարարութիւն տարածած էր, որ լինելու են յստակ իրաւական հետեւանքներ, եւ սա հենց այդ իրաւական հետեւանքն է: Այս պահի դրութեամբ մեր մեկնաբանութիւնն այսքանն է` Արմէն Գէորգեանը համարում է, որ շատ աւելի կարեւոր հարցեր կան երկրում, եւ սա այն հարցը չէ, որ մենք այսպէս հրապարակային դատավարութեամբ տանենք», – «Ազատութիւն»ին հաղորդեց փաստաբան՝ Ալեքսանդր Քոչուպաեւը:

Օգոստոս 25-ին Խաչատուր Սուքիասեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած էր, թէ Արմէն Գէորգեանը 100 միլիոն տոլար ունի եւ միայն Երեւանի Կեդրոնին մէջ 57 սեփականութեան իրաւունք: Իշխանական պատգամաւորը կասկածի տակ դրած էր ողջ կեանքը պետական բարձր պաշտօններ գրաւած Գէորգեանի ունեցուածքի օրինականութիւնը։

Քորուփցիայի կանխարգիլման յանձնաժողովի կայքին վրայ Գէորգեանի՝ 2018-ին լրացուցած յայտարարագիրը կայ։ Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ 2018-ի Մայիս 11-ին փոխ վարչապետի պաշտօնը դադրեցնելու օրուայ դրութեամբ պաշտօնեան ունեցած է 2 հողամաս, 1 բնակարան, 14 ու կէս միլիոն դրամ դրամական միջոցներ, 200 հազար տոլարի եւ 90 միլիոն դրամի փոխառութիւններ։ Անոր կինն ալ 250 հազար տոլար յայտարարագրած է եւ 250 հազար տոլարի փոխառութիւններ։ Արմէն Գէորգեանի նոր յայտարարագիրը դեռ չէ հրապարակուած։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Գէորգեանը 2 քրէական գործով կ’անցնի։ Ան կը մեղադրուի դրամալուացման համար՝ շուրջ 5 միլիառ դրամի` յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները օրինականացնելու, 1 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու համար։ Աւելի վաղ պաշտօնեան Մարտ 1-ի գործով կը մեղադրուէր սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու համար։ Այս գործով, սակայն, վերջինս արդարացուած էր, անոր մեղադրանքի յօդուածը Սահմանադրական դատարանը հակասահմանադրական ճանչցած էր ։

Պատիւն ու արժանապատուութիւնը արատաւորող տեղեկութիւնները հերքելու պահանջով Խաչատուր Սուքիասեանի դէմ հայց ներկայացուցած է նաեւ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան։ Սուքիասեանը յայտարարած էր, որ Սարգսեանը 100 միլիոն տոլարէն աւելի գումար կորսնցուցած է խաղատուներու մէջ։ Իշխող ուժի պատգամաւորը աւելի ուշ ալ պնդած էր, թէ իր ըսածը հիմնաւոր է։ Հայցադիմումը ընդունուած է վարոյթ, նշանակուած է դատաւոր, սակայն առաջին դատական օրը դեռ յայտնի չէ։

Այս յայտարարութենէն ետք Փաստերու ստուգման հարթակը աղմկայարոյց հետաքննութիւն հրապարակեց, ըստ որու՝ պաշտօնավարման ընթացքին երրորդ նախագահը պետական միջոցներու հաշւոյն 16 անգամ մեկնած է Պատեն-Պատեն։

Արդեօք Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս նիւթեր նախապատրաստուած են այս հրապարակման առիթով, գերատեսչութենէն դեռ չեն յայտնած։

Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն»ին տեղեկացուցին, թէ Փաստերու ստուգման հարթակի հրապարակումը, նաեւ այդ խնդրին վերաբերող յայտարարութիւններու մասին այլ հրապարակումներ գերատեսչութենէն նոր ուղարկուած են Ոստիկանութիւն՝ այնտեղ նշուող հանգամանքներու ստուգման նպատակով:

Իսկ արդեօք երրորդ նախագահը հայց ներկայացուցած է Փաստերու ստուգման հարթակի հետաքննութեան առիթով, Սարգսեանի փաստաբանէն չպարզուեցաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment