Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Ֆրանսական Պատուիրակութեան Այցը Ղարաբաղ

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Ֆրանսական Պատուիրակութեան Այցը Ղարաբաղ

by MassisPost

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն խստօրէն քննադատած է Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Ֆրանսուա Փուփոնիի ղեկավարած պատուիրակութեան այցը Լեռնային Ղարաբաղ՝ պնդելով, որ նման քայլերը «կը խաթարեն տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը»։

«Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Փուփոնիի այցը ժամանակաւորապէս ռուսաստանցի խաղաղապահներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ անօրինական է։ Սա առաջին անգամը չէ, որ Փուփոնին անօրինականօրէն կ’այցելէ Ատրպէյճանին պատկանող տարածքներ։

Ան յայտնի է իր կատաղի հակաատրպէյճանական մօտեցումներով, եւ անոր անունը ընդգրկուած է օտարերկրեայ այն քաղաքացիներու ցանկին մէջ, որոնց մուտքը երկրի տարածք արգիլուած է», – յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Լեյլա Ապտուլաեւան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment