Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ընտրական Յանցագործութիւններու Մասին Գործերը Ուղարկուած են Դատարան

Ընտրական Յանցագործութիւններու Մասին Գործերը Ուղարկուած են Դատարան

by MassisPost

Ազգային ժողովի Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ քուէարկութենէն յետոյ առերեւոյթ ընտրական յանցագործութիւններու եւ ընտրութիւններով պայմանաւորուած այլ բնոյթի առերեւոյթ յանցաւոր արարքներու դէպքերով ընդհանուր առմամբ յարուցուած, քննուած կամ կը քննուին շուրջ 80 քրէական գործեր, որոնց գերակշիռ մասը կը վերաբերի ընտրակաշառք տալուն, ստանալուն եւ ընտրակաշառքի միջնորդութեան:

Դատախազութեան հաղորդագրութեան համաձայն, նշուած քրէական գործերով մեղադրանք առաջադրուած է 87 անձերու, որոնցմէ 86 տոկոսին՝ ընտրակաշառք տալու, ընտրակաշառք ստանալուն միջնորդելու, ընտրակաշառք տալու փորձի, ինչպէս նաեւ ընտրակաշառք ստանալու համար, իսկ 14 տոկոսին՝ ընտրական բնոյթի այլ, ինչպէս՝ քուէարկութեան գաղտնիութիւնը խախտելու, կամ քարոզչական պաստառի վնասմամբ գոյքային վնաս պատճառելու, կամ ընտրողներուն քարոզչութեան մասնակցելուն հարկադրելու եւ այլ յանցաւոր արարքներ կատարելու համար:

Մեղադրեալներէն 8-ը եղած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած 2 դաշինքներու՝ «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան», եւ 2 կուսակցութեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Վերելք», պատգամաւորութեան թեկնածուներու ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած անձեր:

Մեղադրեալներէն 24-ի, անոնց կարգին՝ պատգամաւորութեան վերոնշեալ բոլոր 8 թեկնածուներու նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը: Քննութեան ընթացքին առանձին դէպքերու պարագային դատախազի, կամ դատարանի որոշումներով կալանաւորումը փոխարինուած է անազատութեան հետ չկապուած խափանման միջոցներով:

Սեպտեմբեր 9-ի դրութեամբ քննուած վերոնշեալ քրէական գործերէն 16-ը մեղադրական եզրակացութիւններով ուղարկուած է դատարան՝ ըստ էութեան քննելու: Անոնցմով դատի տրուած է ընդհանուր 24 անձ, որոնցմէ 16-ը՝ մէկ կամ քանի մը անձերու ընտրակաշառք տալու, առանձին պարագաներու՝ նաեւ ընտրակաշառքի միջնորդութիւն կատարելու, կամ մէկէ աւելի անձերու ընտրակաշառք տալուն օժանդակելու եւ նախապատրաստելու, ինչպէս նաեւ՝ ընտակաշառք ստանալու, 2-ը՝ մէկէն աւելի անգամ կամ այլ անձի փոխարէն քուէարկելու փորձ կատարելու, 1-ը՝ երկու եւ աւելի անձերու ընտրութիւններուն մասնակցելուն, կուսակցութիւններու կամ դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելուն հարկադրելու, 2-ը՝ պաշտօնէական դիրքի օգտագործմամբ մէկ կամ մէկէն աւելի անձերու կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի նախընտրական քարոզչութեան մասնակցելուն հարկադրելու, 3-ը՝ քարոզչական նշանակութեան պաստառներ վնասելու եւ նիւթական վնաս պատճառելու յանցաւոր արարքներ կատարելու մեղադրանքներով:

Դատարան ուղարկուած բոլոր գործերով կ’ընթանան դատական քննութիւններ եւ առանձին դէպքեր կը գտնուին աւարտական փուլ:

Դատի տրուած անձերէն 9-ը հանդիսացած են «Հայաստան» դաշինքի, 10-ը՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի, 1-ը՝ «Վերելք» կուսակցութեան պատգամաւորական ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած կամ սատարող եւ 4-ը՝ այլ անձեր, նշուած է հաղորդագրութեամբ։

39 քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment