Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գիւմրիի Մէջ ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար Յայտ Ներկայացուցած է 10 Քաղաքական Ուժ

Գիւմրիի Մէջ ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար Յայտ Ներկայացուցած է 10 Քաղաքական Ուժ

by MassisPost

Աւարտած է Գիւմրիի մէջ կայանալիք  ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ) ընտրութիւններուն մասնակցելու առաջադրումներու գործընթացը: Ընտրութիւններուն կը պայքարի 10 քաղաքական ուժ, որմէ 3-ը դաշինքներ են.

«Բալասանեան դաշինք» սոցիալական կուսակցութիւն, ներկայացուցած է աւագանիի 42 հոգինոց ցուցակ, ցուցակը կը գլխաւորէ Վարդգէս Սամսոնեան,

«Գիւմրին կռնա՜» նորաստեղծ դաշինք, 20 թեկնածու, ցուցակը կը գլխաւորէ Վարդան Սրտաշեան,

«Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն, 41 թեկնածու, Վարդեւան Յակոբեան,

«Կոմունիստական կուսակցութիւնը», 20 թեկնածու, Կոնստանտին Ղաւազեան,

«Արժանապատիւ ուղի» կուսակցութիւն, 22 թեկնածու, Յովհաննէս Մարգարեան,

«Հայրաքաղաք» դաշինքը, 28 թեկնածու, Լեւոն Բարսեղեան,

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, 40 թեկնածու, Յովհաննէս Յարութիւնեան,

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, 33 թեկնածու, Արտեոմ Ղուկասեան,

«Թասիպով» դաշինք, 22 թեկնածու, Կարապետ Պօղոսեան,

«Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն, 22 թեկնածու, Կարեն Մալխասեան:

Թիւ 31 ՏԸՅ-ի (Տարածքային Ընտրական Յանձնաժողով) նախագահ՝ Տիգրան Ղազարեան «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած է, որ  քաղաքական ուժերը հիմնականին նորմալ ներկայացուցած են փաստաթուղթերը: «Որոշների մօտ առկայ էին որոշակի թերութիւններ՝ տառասխալի խնդիր, կամ անձնագրային բաժնից տեղեկանքները վերցրել էին մի փաստաթղթով, իսկ յանձնաժողովին ներկայացուել էր անձը հաստատող  միւս փաստաթղթով: Եղաւ նաեւ կնիքի բացակայութեան հետ կապուած խնդիր, խնդիրները բոլոր հարթուել են»,- նշած է պատասխանատուն:

Կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցուցակներու արձանագրութիւնը պիտի կատարուի Սեպտեմբեր 12-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 17-ը, ժամը՝ 18:00-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment