Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ֆութպոլ Աշխարհի Առաջնութեան Որակաւորման Փուլ . Հայաստանը-Լիխտենշտայն 1-1

ֆութպոլ Աշխարհի Առաջնութեան Որակաւորման Փուլ . Հայաստանը-Լիխտենշտայն 1-1

by MassisPost

ֆութպոլ աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլին Հայաստանը 1-1 հաւասարութեամբ խաղցաւ յետնապահ Լիխտենշտայնի հետ։ Ատիկա նուէր էր մակեդոնացիներուն եւ ռումանացիներուն, որոնք երեւանեան խաղի աւարտէն մօտ 1 ժամ ետք պէտք է մրցէին իրարու հետ Սքոփյէի մէջ։ Բայց մակեդոնացիներն ու ռումինացիները պարտքի տակ չմնացին եւ 0-0 աւարտեցին խաղը՝ յօգուտ Հայաստանի հաւաքականին։ Անոր շնորհիւ մինչեւ Հոկտեմբեր Հայաստանի հաւաքականը կը շարունակէ մնալ երկրորդ տեղ։

Գերմանիայէն 0-6 հաշւով պարտուելէն յետոյ, Հայաստանի հաւաքականը վերականգնումի խնդիր ունէր՝ թէ՛ սեփական մարզասէրներու եւ թէ՛ խումբի մրցակիցներուն առջեւ։ Բացի այդ, լաւ հնարաւորութիւն էր, կոլերու բացասական տարբերութիւնը շտկելու համար։

Խաղի առաջին իսկ րոպէին Հայաստանի հաւաքականը առաւ գնդակը եւ մինչեւ խաղաւարտ ժամանակը անցուց մրցակիցի կիսադաշտը։ Միեւնոյն ժամանակ, 90 րոպէ անընդմէջ ուժեղ ճնշումը ուղեկցուած էր եզրերէն միակերպ ու պարզունակ փոխանցումներով Լիխտենշտայնի տուգանային հրապարակի կեդրոն, ուր պաշտպաններն ու դարպասապահը վստահութեամբ կը գործէին։

Հայաստանի հաւաքականը հաշիւը բացաւ միայն առաջին կէսին աւելցուած ժամանակին․ 11-մեթրանոց կոլը խփեց Հենրիխ Մխիթարեանը։

Ի դէպ, խմբային 6 խաղերուն սա առաջին կոլն էր, որ Հայաստանի հաւաքականը կը խփէ առաջին խաղակէսին եւ միակը վերջին 270 րոպէներուն։

Երկրորդ կէսին Խորէն Պայրամեանի փոխարէն դաշտ մտաւ Ժիրայր Շաղոյեանը։ Անոր խաղի շնորհիւ ձախ եզրին Հայաստանի հաւաքականի գրոհները դարձան աւելի բազմազան, ներդաշնակ, ի տարբերութիւն աջ եզրին, ուր Տէրտէրեանը եւ Բարսեղեանը կը շարունակէին նոյն եռանդով, բայց անօգուտ, գնդակը կախելով տուգանային հրապարակի կեդրոն։
Հայաստանի հաւաքականի առաւելութիւնը մեծ էր, կոլային պահեր կային, բայց 80-րդ րոպէին դարպասապահ Եուրչենքոն շատ պարզ դրուագով՝ իր ուղղութեամբ ոչ ուժեղ հարուածէն յետոյ գնդակը դրաւ Եանիկ Նոայի ոտքերուն առջեւ։ Հաշիւը դարձաւ 1-1։

Սեպտեմբերեան խաղերուն Հայաստանի հաւաքականին միացաւ աւագը՝ Հենրիխ Մխիթարեանը։ Վերջինիս միացումը հաւաքականի խաղը թէ՛ որակական եւ թէ՛ արդիւնքի առումով չբարելաւեց, ընդհակառակը, առաջացան շարք մը խնդիրներ։

Նկատելի է ընդհանրապէս, որ Մխիթարեանի ներկայութիւնը կը կաշկանդէ խմբակիցները։ Յամենայնդէպս, չոր փաստերը հետեւեալն են՝ առանց Մխիթարեանի 3 խաղ, երեք յաղթանակ, Մխիթարեանի հետ՝ 3 խաղ, ոչ մէկ յաղթանակ։

armenia-liechtenstein-2

Իրավիճակը J խմբին մէջ, 6 շրջանէ յետոյ,-
Գերմանիան կարճատեւ նահանջէ յետոյ վերականգնուած է․ 3 խաղ 3 յաղթանակ, 12 խփած, 0 փախցուցած կոլ։ Գերմանիան խումբին առաջին տեղը կը գրաւէ։

Իսլանտան դուրս մնաց պայքարէն․ 6 խաղէ յետոյ իսլանտացիները ունին 4 միաւոր։

Խումբի երկրորդ տեղին եւ փլեյ-օֆֆին խաղալու համար կը պայքարին Հայաստանը, Ռումանիան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիան։

6 շրջանէ յետոյ հետեւեալ պատկերն է․
Գերմանիա 15 միաւոր
Հայաստան 11միաւոր
Ռումանիա 10 միաւոր
Հիւսիսային Մակեդոնիա 9 միաւոր
Իսլանտա 4 միաւոր
Լիխտենշտայն 1 միաւոր

Խաղացանկի առումով Ռումանիան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիան առաւելութիւն ունին, քանի որ դեռ պէտք է խաղան Լիխտենշտայնի հետ։ Հայաստանի հաւաքականը արդէն խաղ չունի խումբի յետնապահին հետ, իսկ վերջին շրջանին մէջ մրցակիցը Գերմանիան է։ Մեր մրցակիցները նոյեմբերեան խաղերուն պիտի չհանդիպին գերմանացիներուն հետ։ Ռումանիան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիան Գերմանիոյ հետ պիտի խաղան հոկտեմբերին։

Խումբին երկրորդ տեղը գրաւելու համար ամէն ինչ շատ յստակ է՝ յաջորդ չորս խաղերէն Ռէյքիաւիքի մէջ պէտք է յաղթել Իսլանտային, Պուխարեսթի մէջ չպարտուիլ Ռումանիայէն, Երեւանի մէջ յաղթել Հիւսիսային Մակեդոնիային․ ի հարկէ, պայմանով, որ գերմանացիները յաղթեն մեր հիմնական մրցակիցներուն։ Նման պարագային վերջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը կախեալ չ’ըլլար Գերմանիոյ հաւաքականի հետ խաղի արդիւնքէն եւ կ’ապահովէ երկրորդ տեղը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment