Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅՔԾ-ն Ձերբակալած Է Նախկին Գլխաւոր Դատախազ՝ Աղուան Յովսէփեանը

ՅՔԾ-ն Ձերբակալած Է Նախկին Գլխաւոր Դատախազ՝ Աղուան Յովսէփեանը

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) ձերբակալած է Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Քննչական կոմիտէի նախկին նախագահ՝ Աղուան Յովսէփեանը։ Նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեային մեղադրանք առաջադրուած է փողերու լուացման, կաշառք ստանալու եւ խարդախութեամբ գոյք յափշտակելու համար:

Ըստ իրաւապահներուն, 68-ամեայ Յովսէփեանը, որ 2004-էն մինչեւ 2018 թուականներու ընթացքին գրաւած է նախ գլխաւոր դատախազի, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, օրինականացուցած է աւելի քան 1 միլիառ 300 միլիոն դրամ, մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն կատարող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190 միլիոն դրամ կաշառք եւ խարդախութեամբ յափշտակած է 800 միլիոն դրամ գոյք։

«Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ՝ Մարինա Օհանջանեան ըսաւ, թէ առաւել մանրամասն տեղեկատուութիւն կը հաղորդեն աւելի ուշ. «Այս պահին այլ մանրամասներ չենք կարող յայտնել՝ քրէական գործի շահերից ելնելով»:

Նախկին գլխաւոր դատախազի պաշտպան՝ Գագիկ Խաչիկեանը դեռ մեկնաբանութիւն չի տար։ Ըսաւ, թէ առաջիկային հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։

Աղուան Յովսէփեան 9 տարի ղեկավարած էր Գլխաւոր դատախազութիւնը, յետոյ ալ մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը՝ չորս տարի ղեկավարած էր Քննչական կոմիտէն։ 2018-ին՝ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի յաջորդ օրը, Յովսէփեան «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, թէ պիտի աշխատի նոր իշխանութեան հետ, բայց երկու ամիս ետք ան հրաժարական ներկայացուցած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment