Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանեան Վերջին Իրադարձութիւնները Ցոյց Տուին, Որ Ժողովրդավարութիւնը Երկրին Մէջ Անշրջելի Է. Լաքոթ

Հայաստանեան Վերջին Իրադարձութիւնները Ցոյց Տուին, Որ Ժողովրդավարութիւնը Երկրին Մէջ Անշրջելի Է. Լաքոթ

by MassisPost

«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ժողովրդավարութիւնը երկրին մէջ այլեւս անշրջելի է, ու հայ ժողովուրդը կրնայ անով հպարտ ըլլալ», վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթ:

Լաքոթը, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը ՀՀ-ի մօտ, նշած է, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ, անոնց կարգին՝ բարեփոխումները առաջ մղելու նպատակով, հաղորդած են կառավարութենէն:

Հայաստանի ղեկավարը իր հերթին խօսած է երկու երկիրներու բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ընդլայնման մասին: Ինչպէս նաեւ ընդգծած է Ֆրանսայի կարեւոր դերը որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահ պետութիւն:

Անն Լոյոն պիտի փոխարինէ Ժոնաթան Լաքոթը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment