Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան ու Ռուսաստանցի Համանախագահը Ընդգծած Են Մինսքի Խումբի Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

Փաշինեան ու Ռուսաստանցի Համանախագահը Ընդգծած Են Մինսքի Խումբի Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ճանաչողական այցով Երեւան գտնուող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուսաստանցի նորանշանակ համանախագահ՝ Իկոր Խովաեւը:

Կառավարութեան լրատուականի հաղորդմամբ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները` ընդգծելով Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Խովաեւը աւելի վաղ ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը։

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանցի համանախագահը նախքան երեւանեան այցը եղած է Պաքու, Օգոստոս 30-ին հանդիպած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն յետոյ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, եւ վստահութիւնը ամրապնդող միջոցառումներու իրագործումը:

Խովաեւը նշած է, թէ իր այցը Պաքու ճանաչողական բնոյթ կը կրէ: Երեւան կատարելիք այցի մասին չէր հաղորդուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment