Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սերժ Սարգսեան Դատական Հայց Ներկայացուց Խաչատուր Սուքիասեանի Դէմ

Սերժ Սարգսեան Դատական Հայց Ներկայացուց Խաչատուր Սուքիասեանի Դէմ

by MassisPost

Սերժ Սարգսեան հայց ներկայացուցած է ընդդէմ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Խաչատուր Սուքիասեանին։ Երրորդ նախագահը իշխանական պատգամաւորէն կը պահանջէ հերքել իր պատիւն ու բարի համբաւը արատաւորող տեղեկութիւնները։

Սուքիասեան գրեթէ տասը օր առաջ Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած էր, թէ Սարգսեան մեծ գումարներ կորսնցուցած է խաղատներու մէջ։ Պաշտօնաթող նախագահի փաստաբան՝ Ամրամ Մակինեան պնդած է, որ իշխող ուժի պատգամաւորը իր յայտարարութիւնը հաստատող որեւէ փաստ չի կրնար ներկայացնել։
«Մենք համոզուած ենք, որ դատարանը մեր հայցը բաւարարելու է, որովհետեւ չեն կարող լինել այնպիսի փաստեր, որոնք կ’ապացուցեն Խաչատուր Սուքիասեանի հնչեցրած արտայայտութիւնը, չեն կարող, որովհետեւ այդպիսի իրողութիւն գոյութիւն ունենալ մեր առարկայական իրականութեան մէջ չի կարող», – նշած է Մակինեան:

Խաչատուր Սուքիասեանը, մասնաւորապէս, մեղադրած էր Սարգսեանը խաղատներուն մէջ 100 միլիոն տոլարէն աւելի գումար կորսնցնելու համար։ Յաջորդ օրն ալ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ վերահաստատած էր ըսածը եւ պնդած, թէ իր խօսքերը հիմնաւոր են։ Սուքիասեան ըսած էր, որ ինքը դեռ աւելի քիչ գումար նշած է, որպէսզի աւելի ապացուցելի ըլլայ իր ըսածը, սակայն ապացոյցներ չէր հրապարակած. «Մեր պետական օդանաւը եկել է համապատասխան տեղից, որտեղ քազինօ կայ, էստեղից գումարները տոպրակներով տարել են, որ վճարեն», – օրեր առաջ ըսած էր պատգամաւորը:

Սերժ Սարգսեանի փաստաբանը հայցով պահանջած է դատարանէն նաեւ 1 միլիոն դրամ բռնագանձել իշխանական պատգամաւորէն։ Այս գումարը, ըստ Ամրամ Մակինեանին, երրորդ նախագահը պիտի ուղղէ Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին։ Փաստաբանը յիշեցուցած է, որ Սերժ Սարգսեանը դեռ նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին հերքած է իր անուան հետ առնչուող տեղեկութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment