Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրով․ «Տրամաբանական Կ’ըլլայ, Որ Հայաստանն Ու Թուրքիան Ձեռնամուխ Ըլլան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Լաւրով․ «Տրամաբանական Կ’ըլլայ, Որ Հայաստանն Ու Թուրքիան Ձեռնամուխ Ըլլան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի համոզմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ տրամաբանական կ’ըլլայ, որ Երեւանն ու Անգարան կրկին փորձեն բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները։

«Այժմ, երբ պատերազմը այնտեղ աւարտած է եւ դրուած են քաղաքական գործընթացի եւ բոլոր փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հիմքերը, ըստ ինծի, շատ տրամաբանական կ’ըլլայ, որ մեր թուրք եւ հայ գործընկերները վերսկսին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը։ Մենք պատրաստ ենք ամէնէն գործօն կերպով օժանդակել այդ հարցով», – յայտարարած էր Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը։

Նախօրէին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած հնարաւոր ջանքերուն աջակցելու՝ Մոսկուայի պատրաստակամութեան մասին յայտարարած էր նաեւ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment