Հայաստան կը գտնուի Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական մասնագէտներու պատուիրակութիւնը։ Զանոնք երէկ ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան։
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ անոնք Հայաստան են՝ հայ-ռուսական երկկողմանի համագործակցութեան ծիրէն ներս հերթական բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն մասնակցելու նպատակով։
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութեան ղեկավար, զօրավար-մայոր Վալերի Ժիլան Կարապետեանին տեղեկացուցած է առաջիկայ աշխատանքներու ուղղութիւններու եւ ծաւալի մասին, Կարապետեան իր հերթին նշած է հայկական կողմի համար առաւել կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու շրջանակը: Թէ ինչ հարցերու շրջանակ կը քննարկուի, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած։
Օրերս յայտնի դարձաւ, որ Ռուսաստանն ու Հայաստանը հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միաւորուած տարածաշրջանային համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագրի նախագիծ կը քննարկեն։ Այդ մասին յայտարարած է ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդին կից ՀՕՊ-ի հարցերով համակարգող կոմիտէի նախագահի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Կրեխովը:
Ռուսական ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ ան նշած է, որ նման նախագիծեր քննարկուած են Խրխզիստանի, Ղազախիստանի եւ Հայաստանի հետ, իսկ Ռուսաստանի եւ Տաճիկիստանի հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած տարածաշրջանային համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագիրը վաւերացման փուլի մէջ է։