Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եթէ Ատրպէյճան Վերադառնայ Մայիս 11-ի Դրութեամբ Եղած Դիրքեր, Ապա Բարենպաստ Պայմաններ Կը Ստեղծուին. Միրզոյեան

Եթէ Ատրպէյճան Վերադառնայ Մայիս 11-ի Դրութեամբ Եղած Դիրքեր, Ապա Բարենպաստ Պայմաններ Կը Ստեղծուին. Միրզոյեան

by MassisPost

ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան ռուսական «Ռիա Նովոսթի»-ի հարցազրոյց տուած է, ուր շեշտած է, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններ չկան։

«Այս պահին ընթանում են բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքները ցոյց կու տան պաշտօնական Պաքուի՝ համաձայնութեան գալու կարողութեան աստիճանը», – ըսած է նախարարը:

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է ու յիշեցուցած, որ Հայաստանը բազմիցս ամենաբարձր մակարդակով յայտարարած է, որ պատրաստ է վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ: «Այն է՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, ժողովուրդների իրաւահաւասարութիւն եւ ինքնորոշման իրաւունք եւ տարածքային ամբողջականութիւն:

«Հայկական կողմը հետեւողականօրէն առաջ է մղելու Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման, իր հայրենիքում ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրացումը»,  – նշած է նախարարը:

Հարցին, թէ ե՞րբ կը  սկսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւնները, ան պատասխանած է. «Սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններ չկան։ Այս պահին ընթանում են բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքները ցոյց կուտան պաշտօնական Պաքուի՝ համաձայնութեան գալու կարողութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ վերջինիս պատրաստակամութիւնը՝ հրաժարուելու միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների կոպիտ խախտմամբ արհեստական օրակարգ նախաձեռնելու քաղաքականութիւնից»: Միրզոյեանի խօսքով` եթէ Ատրպէյճանը կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ եւ իր զօրքերը դուրս հանէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, այսինքն՝ վերադառնայ այս տարուայ Մայիս 11-ի դրութեամբ եղած դիրքեր, ապա բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց սկսելու համար։

Կը պահպանուի՞ արդեօք Ռուսաստանի մասնակցութեամբ եռակողմ ձեւաչափը, թէ այդ գործընթացին մէջ կը ներգրաւուին Մինսքի խումբի միւս միջնորդ երկիրները կամ միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ը կամ ԵԱՀԿ-ն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն ըսած է. «Նշուած բանակցութիւններն ընթանում են ռուսական կողմի անմիջական մասնակցութեամբ, եւ մենք յոյս ունենք, որ այդ հարցի լուծումը հնարաւոր կը լինի այնպիսի քննարկումների ընթացքում, որի պարագայում ձեր կողմից նշուած կառոյցներին դիմելու անհրաժեշտութիւն չի լինի»:

3.5 ամիս է, որ ատրպէյճանական կողմը ներխուժած է հայկական տարածքներ եւ դիրքաւորուած տարբեր բարձունքներ: Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը առաջարկած էր Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով տեղակայել ռուս սահմանապահներու յենակէտեր եւ ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութիւն:

Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ  կ’ընթանան արդեօ՞ք յստակ բանակցութիւններ այդ առաջարկներու շուրջ, եւ ռուսական կողմը հետաքրքրութիւն յայտնա՞ծ է այդ հարցի առնչութեամբ։

«Այս տարուայ Մայիսի 12-ից մենք բախուեցինք մի իրավիճակի, երբ Ատրպէյճանի զինուած ստորաբաժանումները մուտք գործեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, ինչը լի է պայթիւնավտանգ հետեւանքներով», – յիշեցուցած է արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ ատիկա անթոյլատրելի է, եւ իրավիճակը պէտք է լուծուի Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներու անյապաղ եւ անվերապահ դուրս ելլելով։

«Այս համաթեքսթում Հայաստանի համապատասխան սահմանամերձ շրջաններում սահմանապահների եւ դիտորդական առաքելութեան վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները պէտք է դիտարկել որպէս ատրպէյճանական կողմի ռազմատենչ նկրտումների զսպմանն ու արիւնահեղութիւնից խուսափելուն ուղղուած քայլ», – նկատել տուած է ԱԳ նախարարը։

Ինչ կը վերաբերի խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման երկարացման հնարաւորութեան, ապա Միրզոյեան կրկին յիշեցուցած է, թէ 5-ամեայ ժամկէտը ինքնաբերաբար կ’երկարաձգուի, եթէ կողմերէն մէկը նախապէս չյայտարարէ այդ դրոյթի իրագործումը դադրեցնելու իր մտադրութեան մասին: Ան կարեւորած է ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ կեանքի իրաւունքի ապահովման գործով` նաեւ մէջբերելով Հայաստանի կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը:

Միեւնոյն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը ոչ միայն մինչեւ օրս չէ ստորագրած խաղաղապահներու մանտաթը, այլ նաեւ ուժեղ հակաքարոզչութիւն կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան դէմ. «Աւելին՝ Ատրպէյճանը մշտապէս փորձում է կասկածի տակ դնել խաղաղապահ առաքելութեան նպատակայարմարութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Այս համաթեքսթում պէտք է դիտարկել նաեւ խաղաղապահների պատասխանատուութեան գօտիներում հայ զինծառայողների գերեվարման դէպքերը»։

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւներուն` պնդելով, որ Երեւանը բազմիցս՝ ե՛ւ խօսքով, ե՛ւ գործով ի ցոյց դրած է իր հետեւողականութիւնը հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման գործով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment