Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեանն ու Զասը Անդրադարձած Են Հայաստանի Տարածք Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու Ներթափանցման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրադրութեան

Միրզոյեանն ու Զասը Անդրադարձած Են Հայաստանի Տարածք Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու Ներթափանցման Հետեւանքով Ստեղծուած Իրադրութեան

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասի հետ։

Անոնք անդրադարձած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան, յայտնած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը՝ նշելով, որ երկուստեք շեշտուած է իրավիճակի շուտափոյթ հանգուցալուծման ու ապամագլցման անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment