Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զախարովա․ «Մոսկուան Պատրաստ Է Նպաստել Երեւանի Եւ Անգարայի Յարաբերութիւններու Բարելաւման»

Զախարովա․ «Մոսկուան Պատրաստ Է Նպաստել Երեւանի Եւ Անգարայի Յարաբերութիւններու Բարելաւման»

by MassisPost

«Մոսկուան հետագային եւս պատրաստ է նպաստել Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու բարելաւման», – այսօր՝ Սեպտեմբեր 2-ին Մոսկուայի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

«Մենք արձանագրեցինք վերջերս Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ տեղի ունեցած դրական ազդակներու փոխանակումը, արձանագրեցինք այն առումով, որ նկատած ենք զանոնք եւ ի գիտութիւն ընդունած», -յայտարարած է Ռուսաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

«Մենք այժմ ալ պատրաստ ենք ամէն կերպ նպաստել երկու հարեւան պետութիւններու մերձեցման գործընթացին, որ հիմնուած կ’ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու շահերը հաշուի առնելու սկզբունքներու վրայ», – նշած է Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment