Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցի Մասնագէտներու Հաշուարկներով՝ Ղարաբաղը Ականներէն Մաքրելու Համար Կը Պահանջուի 13 Տարի

Ատրպէյճանցի Մասնագէտներու Հաշուարկներով՝ Ղարաբաղը Ականներէն Մաքրելու Համար Կը Պահանջուի 13 Տարի

by MassisPost

«Ղարաբաղը ականներէն մաքրելու համար կը պահանջուի 13 տարի», յայտարարած է Ատրպէյճանի ականազերծման պետական գործակալութիւնը։

Ատրպէյճանցի մասնագէտներու հաշուարկով՝ վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանին անցած տարածքներու եւ շրջակայ շրջաններուն մէջ ականապատուած է մօտ 14 հազար քառակուսի քիլոմեթր։ Զանոնք ականազերծելու համար նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ յանձնարարած է տրամադրել պիւտճէէն 60 միլիոն տոլար այս տարի ։

Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը նշած է, որ ատրպէյճանցի ականազերծողներուն կ’օգնեն թուրք մասնագէտները, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment