Գերմանիոյ զբօսաշրջութեան ոլորտի շուրջ 70 ներկայացուցիչ՝ շրջապտոյտներ կազմակերպողներ, զբօսաշրջային գործակալութիւններ, առեւտրային միութիւններ, օդանաւային ընկերութիւններ եւ լրատուական գործակալութիւններ, ժամանած են Հայաստան՝ մասնակցելու «Fvw DRV Destination Forum» միջոցառման, որուն նպատակն է ամրապնդել Հայաստանի եւ Գերմանիոյ զբօսաշրջութեան ոլորտներու միջեւ յարաբերութիւնները։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, միջոցառման նուիրուած ասուլիսի ժամանակ, ՀՀ Տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ զբօսաշրջային ոլորտի ներկայացուցիչներուն Հայաստանի մէջ «Fvw DRV Destination Forum» միջոցառումը կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար։
Քերոբեան ընդգծեց, որ նմանատիպ միջոցառումները կարեւոր են Հայաստանի համար, քանի որ մեծ քայլով առաջ կը տանին զբօսաշրջութեան ոլորտը՝ օգնելով ոլորտի ընկերութիւններուն ընդլայնել իրենց միջազգային կապերն ու աշխարհագրութիւնը։
«Մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս զբօսաշրջութեան ոլորտում «Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան» ընկերութեան հետ համատեղ իրականացուող նախագծերին եւ այս չորսօրեայ միջոցառումը վկայում է հայ-գերմանական տնտեսական եւ զբօսաշրջային կապերը զարգացնելու Հայաստանի հետաքրքրութեան եւ շահագրգռուածութեան մասին»,- ըսաւ Քերոբեանը։
Տնտեսութեան նախարարի խօսքով՝ զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի տնտեսական զարգացման գերակայ ոլորտներէն է, քանի որ ան տնտեսական զարգացման ընդլայնման եւ ընդհանուր առմամբ սպառողական բաւարարուածութեան հիմնաքարն է։
«Գաղտնիք չէ, որ Եւրոպական Միութեան երկրներից Հայաստանի խոշորագոյն գործընկերը Գերմանիան է եւ ընդհանուր առմամբ Գերմանիան երրորդ ամենախոշոր զբօսաշրջային ուղղութիւնն է։ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնների խորացումը Հայաստանի արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններից է։ Այդ համագործակցութեան օրակարգում առաջնային է համագործակցութիւնը հենց զբօսաշրջութեան ոլորտում»,- ընդգծեց Քերոբեան։
Նախարարը յայտնեց, որ 2019 թուականէն սկսեալ Եւրոպական Միութեան երկիրներէն Գերմանիան ամէնէն բարձր աճը արձանագրած է Հայաստան այցելութիւններու քանակով:
«Այս տարի եւս նկատում ենք Գերմանիայից այցելութիւնների աճի յարաշարժութիւն, չնայած «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած խիստ սահմանափակումներին։ Որքան էլ, որ դրական են ցուցանիշները, կարծում եմ, որ շատ անելիքներ ունենք՝ մեր առջեւ դրուած նշաձողերին հասնելու համար»,- եզրափակեց Քերոբեան։
«Fvw DRV Destination Forum» միջոցառումը պիտի տեւէ մինչեւ Սեպտեմբեր 2-ը։ Գերմանացի հիւրերը երկու օր պիտի շրջին Հայաստանի տարբեր տեսարժան վայրեր՝ բացայայտելու Հայաստանի զբօսաշրջային ներուժը։ Սեպտեմբեր 2-ին տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով՝ ինչպէս գերմանացի, այնպէս ալ հայ մասնակիցները հետաքրքրող թեմաներ արծարծող նիստերով: