Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Եւ Նախագահի Վարկանիշները Զգալի Անկում Արձանագրած Են

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Եւ Նախագահի Վարկանիշները Զգալի Անկում Արձանագրած Են

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ գործող «Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոնը», որ հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի, ենթադրեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցաթերթիկ տարածած է, որու արդիւնքները ցոյց տուած, որ իշխող կուսակցութեան, ինչպէս նախագահ Էրտողանի վարկանիշները զգալի անկում արձանագրած են: Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական demokrathaber.org-ը։

Հարցուողներուն 58․7 տոկոսը գտած է, որ երկրին մէջ պէտք է կատարուին արտահերթ ընտրութիւններ, իսկ 30.8 տոկոսը դէմ եղած է արտահերթ ընտրութիւններուն։

Ըստ հարցման արդիւնքին՝ մասնակիցներու 34․2 տոկոսը կողմ արտայայտուած է, որ ենթադրեալ արտահերթ ընտրութիւններուն երկրի  նախագահ ընտրուի գործող նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը, իսկ 54․9 տոկոսը դէմ եղած է Էրտողանին։

Հարցուողներուն միայն 29 տոկոսը աջակցութիւն յայտնած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment